21-22 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասը՝ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, համախմբուեցան Քէպէգ նահանգի Maison de Spiritualité de Trinitaires վանքին մէջ, ուր գումարեցին իրենց տարեկան խոկառնումը, որուն նպատակն է հոգեպէս վերանորոգուիլ եւ վերալիցքաւորուած լծուիլ հովուական ու եկեղեցական առաքելութեան:
Համախմբումի այս տարուան թեման կեդրոնացաւ Ղեկավարին ինքնաճանաչողութեան եւ ձեւաչափերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի հայեցակարգին ու յառաջիկայ 2 տարիներու տեսլականին վրայ։ Երկօրեայ աշխատանիստերը վարեց Դոկտ. Տանիա Օհանեան, որուն մասնագիտութիւնն է «Leadership & Organizational Change»։
Համախմբումի ընթացքին տեղի ունեցան ժամերգութիւններ եւ խորհրդածութիւններ՝ որոնք ներկայացուցին Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեան եւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։
Երկօրեայ համախմբումի բացման եւ փակման իր խօսքերուն մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Թեմիս հոգեւորականաց դասը, որոնք լծուած են համայնքներու ծառայութեան ու իրենց առօրեայ մտահոգութիւնը կը կեդրոնանայ քրիստոնէական արժէքներու փոխանցման վրայ։