Հովանաւորութեմաբ եւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2019-ին, Քէպէքի Էսթերել քաղաքին մէջ, Թեմիս հոգեւորականաց դասը ունեցաւ միօրեայ խոկառնում «Դուք էք աշխարհի լոյսը» թեմայով:
Ներկայացուեցան երկու դասախօսութիւններ: Առաջին նիւթը ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայացնելով՝ «Աստուածաշնչական Քահանայութիւնը եւ Մենք», իսկ երկրորդ նիւթը ներկայացուց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան, նիւթ ունենալով «Լոյսի Գաղափարը Աստուածաշունչի մէջ»
Օրուան ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ Աստուածաշնչական խորհրդածութեան պահեր եւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։
Հոգեպարար այս օրը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականներուն համար առիթ եղաւ ի մի խմբուելու, Աստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու քահանայական կոչումի մասին իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը նոր աւիւնով եւ յանձնառութեամբ։