Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոնթրէալի եւ Արեւելեան Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Պուլոս Եպիսկոպոս Էլպառամուսին։

Տեսակցութեան ներկայ էր, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ երկու Քոյր Եկեղեցիներու ունեցած բարեկամական կապին մասին եւ յառաջիկայ ծրագիրներու կարելիութիւնները։ Երկու Առաջնորդները անդրադարձան Գանատայի մէջ գործող եկեղեցինրերու ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ համայնքներու մէջ Երիտասարդութեան դերին ու անոնց կարիքներուն մասին։

Տեսակցութեան աւարտին երկու առաջնորդները իրարու յուշանուէրներ փոխանցեցին։