Կիրակի, 25 Յունիս 2023-ին, հրամանաւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գանատայի բոլոր Եկեղեցիներուն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ու Հայրապետական Մաղթանքին։
Այս բարեբաստիկ առիթով, կը շնորհաւորենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ կը մաղթենք քաջառողջ կեանք, արեւշատութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն։