Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն, 23 Ապրիլ 2025-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն Լաւալի մէջՑեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց։
Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան՝ Վարիչ Գանատայի Հայոց Թեմի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան Բաժանմունքին, փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ըսելով. «Այսօր մերերիտասարդները դարձան ժառանգորդները այն բոլոր ֆետայիներուն, որոնք իրենց արեան գնովպահեցին իրենց ինքնութիւնն ու պաշտպանեցին հայ ժողովուրդին իրաւունքները, հողն ուհայրենիքը», ապա ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մենք մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք, մենք մերիրաւունքները պիտի պահանջենք։ Այս է մեր նահատակներուն մեզի փոխանցած կտակը: Պիտիապրի՛ Հայաստանը, պիտի ապրի՛ հայ ժողովուրդը այն հաւատքով, որ օր մը բոլորս պիտիհամախմբուինք մեր հայրենիքի ազատ երկինքին ներքոյ»: