Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Թեմիս, տեղիունեցաւ հայեցի դաստիարակութեան հետ առընչուող ներկայացումներ՝ հայկակական վարժարաններէններս, գլխաւորութեամբ Հոգեբան Նորա Շիթիլեանի։ Տիկին Շիթիլեան Ազգային Առաջնորդարանի հրաւէրովԼոս Անճելըսէն ժամանած էր Մոնթրէալ աշխատանոցներ վարելու համար ուսուցիչներուն, աշակերտներունեւ ծնողներուն համար։

Երեքշաբթի, 18 Մարտ 2025-ին, Տիկին Շիթիլեան այցելեց ՀԲԸՄ Ալէք Մանուկեան վարժարան, ուր Պր. ՇահէԹանաշեան՝ վարժարանի տնօրէնը հիւրընկալեց զինք եւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։ ՀոգեբանՇիթիլեան հանդիպումներ ունեցաւ աշակերտութեան եւ ուսուցիչներուն հետ։

Աշակերտներուն ներկայացուց՝ «Կառուցել պատկանելիութեան մշակոյթը՝ փոքր արարքներով մեծ կապերստեղծել» նիւթը։

Ուսուցիչներուն ներկայացուց՝ «Դիմացկուն դասարաններու կառուցում՝ Աջակցիլ աշակերտներու հոգեկանառողջութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան՝ 21-րդ դարուն» նիւթը։

Նոյն երեկոյեան, ՀԲԸՄ Ալէք Մանուկեան վարժարանէն ներս դարձեալ հիւրընկալութեամբ Պրն. ՇահէԹանաշեանին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօրներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ծնողներու համար յատուկ երեկոյ մը, ուր Տիկին Շիթիլեան անդրադարձաւ«Երեխաներուն հետ խօսելու արուեստը՝ հաճելի եւ հաղորդական ոճով» թեմային մասին։

Ուրբաթ, 21 Մարտին, Տիկին Շիթիլեան այցելեց Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարան, ուր Օրիորդ ԼորիԱպրաքեան՝ վարժարանի տնօրէնը հիւրընկալեց զինք եւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։ ՀոգեբանՇիթիլեան հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչներուն հետ, նիւթ ունենալով՝ «Դիմացկուն դասարաններուկառուցում՝ Աջակցիլ աշակերտներու հոգեկան առողջութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան՝ 21-րդ դարուն»։

Ազգային Առաջնորդարանին համար հայեցի դաստիարակութիւնը կարեւոր նախադրեալներէն է՝ամրապնդուիլ ազգային պատկանելիութեամբ,պահել եւ գործադրել հայ ժողովուրդի տոհմիկաւանդութիւնները եւ սովորութիւնները, նոր սերունդը ծանօթացնել մշակութային մեր արժէքներուն եւ հայպատանին պահել հայ՝ հոգիով, միտքով եւ ապրումով։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

NORA-CHITILIAN-8

Image 6 of 13