Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ին, նախագահութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւԿիրակնօրեայ Նոր Դասագիրքերու շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչն ու Հոգեւոր Հովիւը, Ազգային Վարչութեան անդամներ, դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու անոնց ծնողները։

Հանդիսավարներն էին՝ Սուրբ Աստուածածին Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, որոնք բարիգալուստ մաղթեցին ներկաներուն, արտայայտելով իրենց կապուածութիւնն ու սէրը ԿիրակնօրեայԴպրոցին հանդէպ: Ապա հրաւիրեցին իրենց եղբայրները երգելու Կիրակնօրեայ Դպրոցներումաղթերգը:

Մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, «Մեղրիկ Բարիքեան» Կրտսերաց երգչախումբը հրամցուց փունջմը շարականներ, խմբավարութեամբ՝ Տիկին Հիլտա Գանտահարեանի։

Ապա, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, փոխանցեց բաժանմունքի խօսքը, շեշտելով. «Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը պէտք է նկատուի ոչ թէ ընտրելի, այլ անբաժանելիմասնիկը հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ»:

Իր խօսքին աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնքիրենց բաժինը բերած էին այս Դասագիրքերու կազմութեան եւ հրատարակութեանաշխատանքներուն:

Հայր Սուրբին խօսքէն ետք, Կիրակնօրեայի աշակերտուհիներէն մէկը արտասանեց Սուրբ ԳրիգորՆարեկացիի աղօթքներէն հատուած մը։

Ապա, Դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան ներկայացուց եռահատորդասագիրքերու պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը, խօսելով՝ դասագիրքիբովանդակութեան, աշախատանքային գրքոյկի եւ ուսուցիչի ուղեցոյցի մասին: Ան իր խօսքին մէջըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ կամ հաւատացեալ, երբ սոյն երեք դասագիրքերըկարդայ, համարեա կարդացած կ’ըլլայ ամբողջ Աստուածաշունչը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչուղղեց, որ Աստուածաշունչը բոլորին կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը ըլլայ, այլապէս բոլորիսկեանքը ճահիճի կը վերածուի:

Պարոն Գաբուճեանի ներկայացումէն ետք, Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներէն մէկը երգեցապաշխարութեան շարական մը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան վերարժեւորեց կրթականայս նոր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքային կեանքէն ներս: Ան ընդգծեց, որԴաստիարակութիւնը հիմնաքարը կը կազմէ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ սերունդներուգոյատեւման:

«Այս դասագիրքերը միայն էջեր չեն՝ այլ սերմեր են, որ ցանուած են մեր զաւակերուն հոգիներունմէջ: Սերմեր՝ որոնք պիտի ծլին՝ հաւատքով, որոնք ջուր պիտի ստանան՝ աղօթքով ու ուսուցմամբ, եւորոնք պիտի պտղաբերին՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ապա իր գնահատանքը արտայայտեց՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեանին, Հոգեբան ՍիւզաննաՍարգսեանին (Խաղերու Հեղինակ), Արուեստագէտ Շուշան Գէորգեանին (ՆկարազարդմանՀեղինակ) եւ Նայիրի Մկրտիչեանին (Խմբագրական աշխատանքներու համար) անոնց կատարածբծախնդիր աշխատանքներուն համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց Հայր Յակոբը եւ Դոկտ. Տանիա Օհանեանը, իրենցտարած աշախատանքին համար:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

*********************************

Անոնք որոնք կը փափաքին Դասագիրքերէն օրինակներ ունենալ, կրնան կապուիլ ԱզգայինԱռաջնորդարան, գրելով՝ admin@armenianprelacy.ca հասցէին, կամ հեռաձայնելով՝ 514 856 1200 թիւին:

518776757_1178413970995098_5511389920554634603_n

Image 2 of 10