Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինզըրի նորահաստատ «Սբ. Ստեփանոս» համայնք, Ս. Պատարագ մատուցանեց, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի «Սբ. Ստեփանոս» համայնքի հաստատման Գիրը ընթերցեց, յաւուր պատշաճի օրուան պատգամը փոխանցեց, մանուկները օրհնեց եւ աւանդական թափօրը գլխաւորեց: Ս. Պատարագին ներկայ էին աւելի քան հարիւր հաւատացեալներ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համայնքի հաստատման Գիրին մէջ կ’ըսէր.-
«Սրտի անհուն ուրախութեամբ եւ Աստուածային սիրով, կու գամ հաստատելու հիմնադրութիւնը Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ այս ծուխէն ներս։
Փետրուար ամսուն էր, երբ համայնքը խնդրամատոյց եղաւ Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանէն, պաշտօնական հիմը դնելու հոգեւոր-եկեղեցական կառոյցին, միանալով գաղութին մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող գործակից կազմակերպութիւն-ներուն։ Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին, հիմը դրուեցաւ ծուխին եւ ահաւասիկ այսօր, Ծաղկազարդի օրով, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի, կը մատուցէ համայնքի Անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Միասնութիւնը կեանքի եւ սիրոյ պարգեւ է։ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ այս կազմումով, կը կոչուինք արտայայտելու ծուխի միասնական կեանքը որ մեզի տրուած է Յիսուս Քրիստոսի Կեանքով, Խաչով եւ Յարութեամբ։
Աստուծոյ արքայութիւնը, որ Յիսուս քարոզեց՝ յատկապէս Իր զատկական մահուան խորհուրդով եւ Յարութեամբ, բովանդակ տիեզերքի վերջնական հանգրուանն է: Աստուած Եկեղեցին նախատեսած է ոչ թէ իրեն համար, այլ որպէսզի այն ծառայէ աստուածային ծրագիրին՝ յանուն աշխարհի վերափոխման։
Ծառայեցէք սիրով մեր եկեղեցւոյ պայածառացման համար, աղօթեցէք հաւատքով, պահպանեցէք Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ձեր հոգիով եւ նուիրումով։
Թող Աստուած օրհնէ բոլորիդ ծառայութիւնը եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնէ ձեր եկեղեցանուէր աշխատանքները»։
Այնուհետեւ, իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Գերապատիւ Հայր Սուրբը տօնին խորհուրդը ներկայացնելով, նշեց, որ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը միայն պատմական դէպք մը չէր, այլ կրնայ կրկնուիլ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, երբ Տիրոջ ներկայութեամբ հաղորդուինք, որովհետեւ երբ կեանքի մէջ խաղաղութիւն եւ խոնարհ հոգի փնտռենք, Ան մեր հոգիներէն ներս կը մտնէ եւ Երուսաղէի՝ խաղաղութեան քաղաքի կը վերածէ:
Ս. Պատարագէն ետք, Ուինզըրի Հայ Կեդրոնի մէջ, սիրոյ սեղան շուրջ տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ: