Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքի ներկայացուցիչներուն, իսկ Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբերին՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին կողմէ երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առթիւ:

            Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Համբիկ Գարայեանն ու Վարչութեան դիւանի անդամ՝ Տիկին Աննա Պուլկարեանը: Ներկայ էին վերոնշեալ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեան անդամները, Ազգային Երեսփոխաններն ու պաշտօնէութիւնը:   

            Երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ, յանուն ծխական շրջաններուն,  շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան արտայայտութիւններ ունեցան հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութեան անդամները, ապա, խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան ծխական շրջանի յառաջիկայի ծրագիրներուն շուրջ:

     Փոխադարձ խորհրդակցութեան ընթացքին, շեշտուեցաւ աւելի աշխոյժ կերպով եւ գործակցական ոգիով լծուելու գաղութի հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան աշխատանքներուն։

            Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքներուն համար, գնահատեց ծխական շրջաններուն ծառայողները եւ մաղթեց, որ վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան գործը: