Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2025-ին, Մոնթրէալէն Թորոնթօ ժամանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ՎեհափառՀայրապետը, իրեն ընկերացող շքախումբին հետ, եւ իր իջեւանելիք պանդոկի մուտքին դիմաւորուեցաւԹորոնթոյի հայ համայնքի կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Բարիգալուստի խօսքով ներկաներուն սիրտի թարգմանը հանդիսացաւ առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ըսելով. «Թորոնթոյի մեծ ընտանիքը այսօր պատիւը ունի հիւրընկալելու Ձեզ` Վեհափառ Տէր։ Ինչպէս ՄեծնՄոնթրէալի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները հոգեւոր աննախադէպ խանդավառութեամբ նշեցին ՁերդՍրբութեան գահակալութեան 30 ամեակը, նոյն ոգիով ու պատրաստութեամբ Թորոնրոյի հայ համայնքըեկած է հոս՝ տեսնելու ու լսելու Ձեզ, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով ու առաւել նուիրումով շարունակէ իրհամայնքային կեանքը»։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն։ Ապաուղղուեցան Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ի պատիւ Նորին Սրբութեան:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչԳերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «մենք միայնՎեհափառ Հայրապետին անցնող երեսուն տարիներու ծառայութիւնը չենք դիտեր, այլ անոնց անանցներկայութիւնը կը շեշտենք այսօր եւ ապագայ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ Արամ Վեհափառին ոգեղէնտեսիլքը հիւսուեցաւ շատերուս հաւատքին, միտքին ու գործին։ Իր շունչով սերունդներ թրծուեցան, նկարագիրներ կռանուեցան, համոզումներ կռփուեցան, եկեղեցին նոր տեսիլք ու հոգեւոր շունչ առաւ, նոր զարթօնք ապրեցաւ, նոր ու միջազգային բեմբերու վրայ բարձրացաւ, հայ գիրն ու դպրութիւնըծաղկեցաւ եւ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան ձայնը եղաւ աւելի հնչեղ ուներդաշնակ»։ Հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ ընդգծեց. «այսօր կը խոնարհինք Ձերբազում շնորհքներուն եւ տարած բազմակողմանի առաքելութեան դիմաց, որ ծառայեցուցիք մերտարասփիւռ ժողովուրդին գոյերթը իր լուսապայծառ թիրախին առաջնորդելու։ Եթէ Սուրբ Մեսրոպ լեզուտուաւ մեր հաւատքին, Դուք հոգի տուիք մեր հաւատքին։ Յաջողեցաք հաւատքը դարձնել պատասխանժամանակակից մարդու հարցերուն, եւ եկեղեցական ծառայութիւնը՝ ապրուած վկայութիւն։ Մեսրոպովհայացած Աստուածը, Ձեզմով նորէն խօսեցաւ մեր ժողովուրդի սիրտին, մեր երիտասարդութեանհոգիին եւ մեր հաւատքի նոր արշալոյսին մասին. խօսեցաւ՝ իր եկեղեցւոյ տալով տեսիլք, միտք եւ խօսք։

 

«Յանուն այստեղ համախմբուածներուն,

Վեհափառ Տէր, աղօթափուխ կը մաղթեմ

Երթը Ձեր շարունակուի անվեհեր,

Միշտ դէպի լոյսը Ձեր ուխտին.

Ու ցորենի կանաչ արտին մէջ՝

Իբրեւ առւոյդ ծաղիկը կապոյտ՝

Գաղջ արեւին տակ խնդաք միշտ

Իսկ Ձեր հոգին խմէ գինին՝ կեանքի ու լոյսի

Որպէսզի ոսկեղէն ճաճանչներով բոյներ հիւսէք նոր

Ձեր հաւատքի պարտէզին»:

 

Հայր Գարեգինին խօսքէն ետք, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի ազգային իշխանութեան, խօսք առաւատենապետ Ծովիկ Թէրզեան։ Ան ըսաւ. «երեսուն տարիներ առաջ, երբ Ձերդ Սրբութիւնը բարձրացաւմեր Սուրբ Աթոռի գահին, եկեղեցւոյ ու ազգին առջեւ նոր ժամանակաշրջան մը բացուեցաւ: Ձերղեկավարութեամբ, մեր եկեղեցին եղաւ ո՛չ միայն աղօթքի տուն, այլեւ հաւատքի, ազգային ինքնութեան ուհամախմբումի վայր:

 

«Այսօր մեր Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ բացառիկ առիթ մը, կը բանայ էջ մը իր նորագոյն պատմութեան մէջ. երեսնամեակը Նորին Սրբութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գահակալութեան:

 

«Որպէս Գանատայի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ, այսօր պարտք կը համարեմ մերխորին երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ձերդ Սրբութեան։ Երախտագիտութիւն` Ձեր անսակարկծառայութեան, Ձեր հայրական սիրոյն եւ Ձեր հոգեւոր առաջնորդութեան: Շնորհիւ Ձեր քաջալերանքին, մեր հաւաքական աշխատանքը առաւել պտղաբեր կը դառնայ, մեր համայնքները` աւելի կազմակերպ, իսկ մեր երիտասարդութիւնը՝ աւելի կապուած իր արմատներուն:

 

«Երեսուն տարիներու ընթացքին բազում բարդութիւններ ու մարտահրաւէրներ առկայ եղան Հայրենիքիեւ Սփիւռքի մեջ: Բայց Ձեր օրինակով սորվեցանք, թէ հաւատքով ու միասնակամութեամբ կարելի էյաղթահարել ամէն խոչընդոտ:

 

«Այսօր մեր սրտերը լեցուն են գոհունակութեամբ ու ուրախութեամբ: Մեր աղօթքն է, որ Աստուած Ձեզիառողջութիւն պարգեւէ, նորանոր ձեռքբերումներ եւ բեղմնաւոր տարիներ՝ հայ եկեղեցւոյ եւ մերժողովուրդի ծառայութեան մէջ։

 

«Թող Աստուած զօրացնէ Ձեզ, եւ ձեր գահակալութեան գալիք տարիները ըլլան խաղաղութեան, ստեղծագործութեան եւ համախմբման տարիներ:

՚

«Շնորհաւոր 30 ամեակ:

«Աստուած օգնական, Վեհափառ Տէր»։

Արիս Պապիկեան` Օնթարիոյ նահանգի երեսփոխանը, ընթերցեց նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտինամակը, ուր ան իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութեան Օնթարիոյ այցելութեանառիթով։ Ան անդրադառնալով աշխարհին դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ յիշեց ՎեհափառՀայրապետին ունեցած կեդրոնական դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց աշխուժացման եւմիջ-կրօնական երկխօսութեան խորացման մէջ։

 

Օնթարիոյի մօտ Լիբանանի պատւոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան, Լիբանանի պետութեան ուկառավարութեան յատուկ շնորհաւորանքը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝գահակալութեան 30-ամեակին առիթով։

 

Ընթրիքի աւարտին իր հայրապետական խօսքը ուղղեց Նորին Սուրբ Սրբութիւնը։ Ան Անթիլիասի եւանթիլիասական Միաբանութեան ծառայական առաքելութեան վրայ լոյս սփռելով՝ ըսաւ. «Անցնող 30 տարիները սովորական տարիներ չեղան Մեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեանառաքելութեան մէջ։ 30 տարիներ` հաւատքի ու յոյսի, կամքի ու տեսիլքի. 30 տարիներ` տագնապի ուպատերազմի, աշխատանքի ու իրագործումի տարիներ։ Եթէ Մեր 30 տարիներու առաքելութիւնըփորձենք մէկ բառի մէջ խտացնել, այդ բառը ծառայութիւն բառն է։ Առանց ծառայութեան անիմաստ կըդառնային այս 30 տարիները: Ծառայութի՛ւնը եղած է իմ կեանքիս իմաստ, նկարագիր, խորք, բովանդակութիւն, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը: 30 տարիները ես ապրեցայ Անթիլիասով ուԱնթիլիասի համար՝ մեր Սուրբ Աթոռին համար: 30 տարիներու իմ կեանքս Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան կեանքն է: Հոգեւորականին կեանքը անձնակեդրոն, ինքնակեդրոն, ինքնանպատակկեանք չի՛ կրնար ըլլալ: Մենք կ՚ապրինք, կը գործենք, կը ծառայենք նուիրական նպատակի մը համար: Անձը նպատակ չէ. անձը միջոց է: Վա՛յ այն կազմակերպութեան, վա՛յ այն համայնքին, վա՛յ այնպետութեան կամ կառոյցին, որ կը գործէ ու կը ծառայէ անձի համար: Ինչպէս ըսի, անձը միջոց է, բայցվա՛յ մեզի, երբ ան նպատակ դառնայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ ա՛յս ոգիով, ա՛յստեսլականով, ա՛յս յանձնառութեամբ կազմաւորուեցանք ու կը կազմաւորենք սերունդներ: Ահաւասիկ, ձեր շուրջը կը տեսնէք միաբան հայրեր՝ սրբազաններ ու հայր սուրբեր: Մեր հոգեւորականներըանթիլիասակա՛ն ոգիով կազմաւորուեցան: Աթիլիասական ոգին ուրիշ բան չի՛ կրնար ըլլալ, եթէ ոչծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն: Անցնող30 տարիները այս բոլորով իմաստաւորուեցան ու արժեւորուեցան՝ իմ եւ Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան կեանքին մէջ: Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դո՛ւք էք, եւ մերհոգեւորականները, ինձմէ սկսեալ, ձեր հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած սպասաւորներ են՝ Քրիստոսիօրինակով: Մենք կը գործենք ու կը ծառայենք Աստուծոյ փառքին համար, մեր ժողովուրդին ու ազգինծառայութեան նուիրուած: Մեր փառքն ու պատիւը դո՛ւք էք, եւ մենք այդ փառքն ու պատիւը կը փորձենքարժեւորել ու իմաստաւորել ծառայութեամբ: Հետեւաբար, այսօր եկաք ու վաղը Սուրբ Պատարագինպիտի մասնակցիք ո՛չ թէ զիս յարգելու համար, այլ 30 տարիներու ծառայական առաքելութիւնը յարգելուհամար: Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ, է եւ միշտ պիտի ըլլայ հաւատքովկռանուած, կամքով թրծուած եւ տեսլականով շաղախուած ծառայութիւն. ծառայութիւն՝ Աստուծոյ, ծառայութիւն՝ մեր ազգին, ծառայութիւն՝ մեր Հայրենիքին»։

559008655_1258734136296414_5064971975003275450_n

Image 1 of 16