Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2019-ին, «Ինքնութեան Ճանաչում» խորագրով լսարանը այս անգամ կայացաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ, նոյնպէս առիթ դառնալով քննարկելու սփիւռքահայութեան ինքնութեան ճանաչման հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները:
Այստեղ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւները՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը, Ազգային Վարչութեան անդամներէն Պրն. Յակոբ Ճանպազեանն ու Տիկնայք Օսիկ Մխսիարթինեանն ու Արփի Փոստաճեանը, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ եւ եւ հայակերտումի ու հայապահպանութեան սրբազան գործին հաւատացող բազմութիւն մը:
Յանուն Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան, որ ներկայացուց լսարանի նիւթերն ու դասախօսները:
Ինչպէս Մոնթրէալի մէջ, այստեղ եւս Լսարանը բաժնուած էր երեք դասախօսութիւններու: Առաջին դասախօսն էր ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէն Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան, որ ներկայացուց ինքնութեան ճանաչումն ու Հայրենիք եւ պատկանելիութիւն նիւթը: Երկրորդ դասախօսն էր Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, որ ներկայացուց ինքնութեան ճանաչումն ու կրօնքն ու եկեղեցին նիւթը, իսկ երրորդ դասախօսը՝ Պրն. Քրիստափոր Միքայէլեան, որ ներկայացուց Ինքնութեան ճանաչումն ու լեզուն եւ մշակոյթը նիւթը: Երեք դասախօսներն ալ համառօտ եւ բովանդակալից կերպով՝ գիտկան, վաւերագրական եւ պատմական փաստերով ու օրինակներով ներկայացուցին իրենց նիւթերը:
Աւարտին, իր օրհնութեան եւ փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդին ծաւալած բազմերախտ գործունէութիւնը՝ ի խնդիր քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Դրուատեց դասախօսներուն նախանձախնդիր մօտեցումը եւ ապա, յորդորեց ներկաները ըլլալու հաղորդական ժամանակի պահանջքներուն եւ այդ ձեւով նոր եռանդով եւ վերապատրաստուած ոյժերով դաստիարակել նոր սերունդը, ինչպէս որ կատարեց Մեսրոպ Մաշտոց դարեր առաջ:
Լսարանը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով: