Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան Բաժանմունքին, Կիրակի, 7 Փետրուար 2026-ին, տեղի ունեցաւ «ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» ՍուրբԳրային Ճամբարը, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահէն ներս:
Ճամբարը սկիզբ առաւ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Տէրունական աղօթքի եւ Կիրակնօրեայի մաղթերգիերգեցողութեամբ։
Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը եւ բարիգալուստ մաղթեց բոլոր երեխաներուն: Հայր Սուրբը ներկայացուց օրուան թեման եւ բացատրեց ծրագրիհանգրուանները:
Վարիչները ստանձնեցին նաւերը եւ իրենց խումբի երեխաները առաջնորդեցին դէպինաւահանգիստները:
Նաւահանգիստները այցելելով երեխաները սորվեցան Մկրտութեան Խորհուրդին, Փոթորիկիխաղաղեցման, Ոտնլուայի եւ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան մասին: Իւրաքանչիւրնաւահանգիստի կայք՝ ընթերցուեցան Աւետարանական դրուագներ, երեխաներուն հարցուեցանզանազան դաստիարակիչ հարցումներ, խաղերու ընդմէջէն բացատրուեցաւ օրուան խորհուրդը եւաղօթքով փակեցին իւրաքանչիւր նաւահանգիստ:
Ճամբարի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հայր Գարեգինը այցելեցին երեխաներուն։Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց փոքրիկներուն մասնակցութիւնը եւ ուսուցիչներուն նուիրումը։
Այս առթիւ, շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնք օժանդակեցին մեզ եւ իրենցաշխատանքներով սատար հանդիսացան, որ մեր ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

