«ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐ

«ԿՐԹԷ ՄԱՆՈՒԿԸ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ ՍԿՍԱԾ ԱՏԵՆԸ,ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆՆ ԱԼ ԱՆԿԷ ՉԽՈՏՈՐԻ» (ԱՌԱԿԱՑ 22:6):

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան Բաժանմունքին, 24 եւ 25 Օգոստոս 2024-ին, տեղի ունեցաւ «ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» ՍուրբԳրային Ճամբարը, Լաւալի Հայ Կեդրոնի շրջափակէն ներս:

Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը եւ բարիգալուստ մաղթեց բոլոր երեխաներուն: Հայր Սուրբը ներկայացուց օրուան թեման եւ բացատրեց ծրագրիհանգրուանները: Վարիչները ստանձնեցին նաւերը եւ իրենց խումբի երեխաները առաջնորդեցին դէպինաւահանգիստները:

Նաւահանգիստները այցելելով երեխաները սորվեցան Մկրտութեան Խորհուրդին, Փոթորիկի խաղաղեցման, Ոտնլուայի եւ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան մասին: Իւրաքանչիւր նաւահանգիստի կայք՝ընթերցուեցան Աւետարանական դրուագներ, երեխաներուն հարցուեցան զանազան դաստիարակիչհարցումներ, խաղերու ընդմէջէն բացատրուեցաւ օրուան խորհուրդը եւ աղօթքով փակեցին իւրաքանչիւրնաւահանգիստ:

Չորս խումբերը այցելելէ ետք բոլոր նաւահանգիստները մարզական խաղերով աւարտեցին առաջին օրուանծրագիրը:

Կիրակի օր, երեխաները մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ հաղորդուելէ ետք շարունակեցինիրենց դաստիարակչական խաղերը:

Վերջին խաղին, ծնողները եւս միացան աշակերտներուն եւ օժանդակեցին իրենց զաւակներուն:

Աւարտին, Վարիչ Հայր Սուրբը ծնողներուն բացատրեց, թէ իրենց զաւակները ի՞նչ սորվեցան, ի՞նչհանգրուաններէ անցան եւ թէ ինչո՞ւ կարեւոր է Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը:

Այս առթիւ, շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, յատկապէս Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ ԿիրակնօրեայԴպրոցի անձնակազմին, որոնք օժանդակեցին մեզ եւ իրենց աշխատանքներով սատար հանդիսացան, որմեր ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:

Այս ծրագիրը յաջորդիւ պիտի իրականացնենք Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ