Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ուրբաթ, 11 Նոյեմբերին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի Փոսթաճեան սրահին մէջ5 տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն, նուիրուած՝ Մկրտիչ Խրիմեան «Հայրիկ»-ին վախճանման 115-րդ տարելիցին, ուր պատգամեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին միաբան՝ Գերաշնորհ Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոս Հերկէլեան։
Այս առիթով, գնահատանքի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նման կարեւոր ձեռնարկի մը գեղեցիկ առիթով։
Ձեռնարկի Կազմակերպիչները յուշանուէրներ նուիրեցին Բաբգէն Արքեպիսկոպոսին եւ օրուան պատգամաբերին՝ Վարուժան Արք. Հերկէլեանին։
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։