Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական

Եկեղեցւոյ մէջ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք.Չարեանի,մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբին, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի եւՀոգեւոր Հովիւ Տէր Հօր,

Սարկաւագաց, Դպրաց դասերու, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, կամաւորներու եւ 2800-է աւելի հաւատացեալներու։

Ժամերգութեան աւարտին, տարիներու աւանդութեան համաձայն «Քրիստոսի Թաղման» թափօրըկազմուեցաւ, առաջնորդութեամբ ոստիկանական ջոկատի, Սկաուտական

խումբերու, Փողերախումբի, Գ.Ե.Մ.-ի երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ առաւել քան 2800 հաւատացեալներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոսիգերեզմանը մահուան սարսափ չէ, այլ կեանքի աղբիւր է, որովհետեւ հոնկէ կը սկսի յաւիտենականկեանքը։

«Քրիստոս խաչ բարձրացաւ յանուն մարդկութեան փրկութեան ու Իր արիւնը թափեց փրկելուհամար մարդը, ջնջեց մարդուն մեղքերը ու գերեզման իջնելով՝ յաղթեց մահուան, նոր կեանքպարգեւեց մեզի ու մեզ առաջնորդեց դէպի փրկութիւն։» Սրբազանը ընդգծեց, որ Քրիստոսիիւրաքանչիւր ուսուցում իր խորհուրդն ու պատգամը ունի, իսկ մենք՝ հաւատացեալներս, պէտք էընկալենք զանոնք ու ապրինք Քրիստոսի պատգամներով։

«Քրիստոսի գերեզմանը կեանքի եւ փրկութեան խորհուրդի վերածուեցաւ։ Քրիստոսի գերեզմանէնճառագայթող յաւիտենական կեանքով լեցուինք, որպէսզի, քալենք այն ճամբէն, որ մեզ կը տանիդէպի յաւիտենականութիւն», Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց «Փառք քեզ ԱստուածՓառք քեզ»

աղօթքով։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Քրիստոսի խաչափայտի մասունքով Սրբազան Հայրըօրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, որմէ ետք օրհնուած վարդ,հաւկիթ եւ կարկանդակ ստանալով

հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։

490505934_1102316898604231_715720801426109096_n

Image 1 of 12