Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022-ին, Օնթարիօ նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։ Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Օրակարգին նիւթերը հիմնուած էին Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակագրին վրայ, Գանատահայութիւնը յուզող եւ Թեմիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ։ Առաջին նիւթով Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան՝ կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը, ապա Հոգաբարձութեան կազմերը, աշխատանոցի մը ընդմէջէն, արժեւորեցին Թեմիս եկեղեցիներու ռազմավարութիւնը յառաջիկայ 5-10 տարիներուն համար։ Դասախօսական օգտաշատ եւ գործնական նիւթեր ներկայացուցին տեարք՝ Համբիկ Գարայեան եւ Սերոբ Գարայեան նիւթ ունենալով՝ «Ելտեղեկանքի Ապահովութիւն (Cyber Security) եւ եկեղեցիներու առցանց գործունէութիւն» թեմաները, որոնց յաջորդեցին՝ Պրն. Թորոս Պապիկեան եւ Տիկին Մարի-Ժան Պայրաքտարեան-Զաաթար, որոնք անդրադարձան «Գանատայի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Կարեւորութիւնը» թեմային։
Աւարտին՝ խօսք առաւ Թեմակալ Առաջնորդը, կեդրոնանալով Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակագրին վրայ եւ յարեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ՚ուղղէ բոլորիս, սփիւռքը վերակազմակերպել ու վերակենսաւորել։ Այո՛, պէտք է բոլորս միասին, մեր բոլոր ուժերով, այսօր մեր սեւեռակէտն ու կիզակէտը դարձնենք Սփիւռքը, վաղուան առողջ ու գիտակից Հայը դաստիարակելու, մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու՝ հաւատք, լեզու, մշակոյթ եւ հայրենի հողի հետ ամրակուռ կապ ու մանաւանդ՝ մեր արդար ու անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդումը ապահովելու համար»:
Ներկաներուն տրամադրուեցաւ վերջերս լոյս տեսած Հորիզոն Շաբաթաթերթի եւ Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ լոյս տեսած «Սփիւռքի Տարի»-ին նուիրուած յատուկ հրատարակութիւնը։
Համագումարը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։