Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լաւալի «Պօն Բասթէօր» եկեղեցիէն ներս։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը, աղօթակից ունենալով Արժանապատիւ Տ. Վիգէն Աւագ Քահանայ Վասիլեանը։

Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեանց անդամներ, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզէն առաջ, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի յղած Սրբատառ Կոնդակը՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանին, ուր Քահանայական Լանջախաչ կրելու իշանութիւն կը շնորհէ Տէր Հօր։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Տէր Հօր եւ յաջողութիւն մաղթեց իր յառաջիկայ ծառայական կեանքի ընթացքին։

Լանջախաչի տուուչութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր քարոզը, բնաբան սռնելով Վարագայ Ս. Խաչի Օրհնութեան շարականի բառերը՝ «Ամենայաղթ Խաչիդ Նշանով, ո՜վ մարդասէր Քրիստոս պահպանէ մեզ»։

«Սուրբ Գէորգ եւ բոլոր սուրբերը, Խաչը ունեցան իրենց հետ։ Ո՛չ միայն Խաչը ունեցան, այլեւ Խաչը փնտռեցին, Խաչը գտան, Խաչը ճանչցան, Խաչեալի հաւատքով զինուած, Խաչեալի չարչարանքներուն բաժնեկից դարձան» շեշտեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք կատարուելիք ցոյցին խուռներամ բազմութիւն մը մասնակցի եւ իր ձայնը բարձրացնէ յանուն արդարութեան, յանուն Արցախին ու Արցախահայութեան։

Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան, դպրաց դասին եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն:

​Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով

ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն եւ «Պահպանիչ»ով օրհնեց հաւատացեալները։ Երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգն ու հաւատացեալներ մատաղէն բաժին առնելով՝ օրուան խորհուրդներով լիացած մեկնեցան իրենց բնակարանները։

​Իսկ նախօրէին, Շաբաթ, 31 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նախատօնակին եւ կատարեց Աղօրհնէքի արարողութիւն: