Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Կաթոլիկ Mary, Queen of the World Cathedral-ին մէջ տեղի ունեցաւմիջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ՝ Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնին։

Միութեան աղօթքին իր մասնակցութիւնը բերաւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էր նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։

Եկեղեցւոյ պետերն ու հայրերը դիմաւորուեցան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս՝ Տ. Քրիսթիան Լէփինիկողմէ, որմէ ետք կատարեցին աղօթքի կարգը։

Աղօթքէն ետք հոգեւորականները մտերմիկ հանդիպում ունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։

Ecumenic-2

Image 4 of 4