Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, Ղպտի Ուղղափառ Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ՝ Գանատայի միջ-եկեղեցական Կեդրոնին։
Սոյն աղօթքին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին ներկայացուց՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։
Եկեղեցւոյ պետերն ու հայրերը դիմաւորուեցան Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Պուլոս Եպիսկոպոսին կողմէ, որմէ ետք կատարեցին աղօթքի կարգը։
Աղօթքէն ետք հոգեւորականները մտերմիկ հանդիպում ունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։