Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ին, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի։

Ձեռնադրուեցան երկու դպիրներ եւ մէկ դպրուհի, որոնք Աստուծոյ շնորհքով պիտի ծառայեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Նոյն օրը, Սուրբ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համաշխարհային առաջին պատերազմին Գանատայի սահմաններուն զոհուած զինուորներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններուն եւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին զոհուած մեր քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար։