Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2026-ին, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ
«Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան գրիչ՝ Սայեադ Նովայ» գիրքինմանահանութեան շնորհանդէսը։
Ներկայ էին՝ Թեմիս հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական Վարչութեան ու Ազգային ՎարչութեանԱնդամները, Կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հայորդիներ։
Իւրայատուկ այս հրատարակութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի բազում գանձերէնմէկն է, որ արձանագրուած է 10838 թիւին տակ, եւ զայն իր ձեռագրով ընդօրինակած է 18-րդ դարու մեծաշուղ Սայաթ-Նովան, 1761 թուականին, Պարսկաստանի Գիլան նահանգի Էնզելի քաղաքին մէջ։
Սայաթ Նովայի փաստացի հայ ըլլալու կարեւորագոյն այս հրատարակութիւնը նախաձեռնած է«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը՝ համագործակցելով Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի եւՄեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին
ձեռագրերու ուսումնարանին հետ։
Հանդիսութեան սկիզբը Յակոբ Վրդ. Եագուպեան ընթերցեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Բան ԽԱ. աղօթքը։ Ապա, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրակ Կիս. Պանքեան։
Բացման խօսքէն ետք, ներկաները լսեցին «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահՆարեկ Յարութիւնեանի, Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի անուան Մատենադարանի աշխատակից ԼիլիթՎարդումեանի եւ Երաժշտագէտ Դանիէլ երաժիշտի խօսքերը։
Ապա, հերթաբար ներկայացուեցան երաժշտական կտորներ։ Նշան Քհնյ. Մանուկեան երգեց ՍայաթՆովայի Քամանչա երգը։ Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան երգեց՝ «Դուն էն Հուրին իս» երգը։ Իսկ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան երգեց Նարեկացիի «Սայլն այն իջանէր» տաղը։
Երաժշտական կտորներու երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց գիրքը։
«Սայաթ Նովայի ձեռամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան ընդօրինակութեան 265-ամեակն է այս տարի։ Այսօր Սայաթ Նովայի միջոցով դարձեալ Նարեկացին լսեցինք, Նարեկացինշնչեցինք եւ Նարեկացին ապրեցանք։ Ահաւասիկ մեր մեծերը, որոնք պէտք չէ մեռնին եւ չեն մեռնիրայնքան ատեն, որ մենք կ՚ապրեցնենք զիրենք, կը լսենք եւ իրենց միջոցաւ մեր հայեացքը կը դարձնենքառ ամենաբարին, ամենամեծը, ամենակարողը: Նարեկը Աստուածաշունչէն յետոյ, ամենասուրբ գիրքըդարձած է եւ պէտք է մնայ, ոչ միայն բարձի տակ դրուելու, այլ ապրելու, իրապէս զգալու, որովհետեւ երբՆարեկացի կը կարդանք, կը գիտակցինք, որ անոնք սոսկ բանաստեղծական բառեր չեն, այլ կարծեսմեզմէ իւրաքանչիւրին սրտի կանչն է առ Աստուած, կը զգանք, որ որքան փոքր ենք մենք այս մեծութեանդիմաց, որքան տկար ենք այդ զօրութեան դիմաց եւ մեր միւս մեծերուն դիմաց», ըսաւ ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Թեմիս հոգեւորականաց դասը ներկայացուցին Սուրբ ԳրիգորՆարեկացիի Մատեան Ողբերգութենէն հատուածներ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

