Սեպտեմբեր 19-ին, Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնէն ներս
տեղի ունեցաւ «Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան գրիչ՝ Սայ-եադ Նովայ» գիրքի նմանահանութեան շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի «Հորիզոն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի եւմշակութասէր հասարակութեան։
Իւրայատուկ այս հրատարակութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի բազում գանձերէնմէկն է, որ արձանագրուած է 10838 թիւին տակ, եւ զայն իր ձեռագրով ընդօրինակած է 18-րդ դարու մեծաշուղ Սայաթ-Նովան, 1761 թուականին, Պարսկաստանի Գիլան նահանգի Էնզելի քաղաքին մէջ։
Սայաթ Նովայի փաստացի հայ ըլլալու կարեւորագոյն այս հրատարակութիւնը նախաձեռնած է«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը՝ համագործակցելով Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի եւՄեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին
ձեռագրերու ուսումնարանին հետ։
Հանդիսութեան բացումը յայտարարեց օրուան հաղորդավար՝ Հայաստանի վաստակաւորարուեստագէտ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան թատրոնի դերասան Սամուէլ Բաղինեանը, որերեկոյի ընթացքին նաեւ վարպետութեամբ ասմունքեց Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»-էնհատուած մը։
Տէրունական աղօթքով Սրբազան Հայրը կատարեց բացումը, որմէ ետք խօսք տրուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան անդամ, Երաժշտագէտ Դանիէլ երաժիշտին, որ նշեց. Ինչքան շատհրատարակուին նման բացառիկ գործեր, այնքան կ՚ամրապնդուի Սայաթ Նովայի հայ ըլլալը. թէեւ ինքգրած է,- « Սայաթ Նովէն ինքը հայ է, Իր հաւատքին ամուր կանգնած», բայց այնուամենայնիւ այլ ազգերդեռ կասկածի տակ կը դնեն Սայաթ Նովա հայ ըլլալու փաստը, իսկ այս հրատարակութիւնը եւս մէկապացոյց է, որ Սայաթ Նովա մերն է։ Այս հրատարակութիւնը սովորական ընդօրինակութիւն մը չէ, որովհետեւ Սայաթ Նովա ինք կը վկայէ, որ Նարեկացիի ոգին կը թեւածէր իր սենեակին մէջ, երբ անկ՚արտագրէր այս մատեանը, կարծես Նարեկացին կը բռնէր Նովայի ձեռքը եւ ինք կը գրէր,- ըսաւ Դանիէլերաժիշտը։
Ժողովրդական արուեստագէտ, աշուղական երգի վարպետ դոկտոր Թովմաս Պօղոսեան նոյնպէս շեշտըդրաւ հրատարակութեան իւրայատկութեան վրայ` նշելով Սայաթ Նովայի կողմէ նմանահանուած գիրքիանհերքելի վկայութիւնը անոր հայ ըլլալու փաստին մասին եւ Աստուծոյ նախախնամութեան, որ ուժ ուհամարձակութիւն տուած է, ոգի ներշնչած է Սայաթ Նովային, որպէսզի՝ ընդօրինակէ Մեծն Նարեկացիիմատեանը։
«Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւնյայտնեց ծրագրի աշխատախումբին, յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատայի ԱզգայինԱռաջնորդարանին եւ պատմեց, թէ ինչպէս կեանքի կոչուեցաւ այս գիրքը հրատարակելու գաղափարը. 2016 թուականին օփերայի երգիչ Պօղոս Եղիազարը կը յայտնէ այս ձեռագրի գոյութեան մասին, «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը պարտք կը համարէ զայն հրապարակել եւ հանրայնացնել։Աշխատախումբը կեանքի կը կոչուի՝ համագործակցելով Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի անուանՄատենադարանին հետ։
Տարիներու աշխատանքէն ետք, գործը կը կասեցուի՝ նիւթական պատճառներով։ ՆարեկՅարութիւնեանը ծրագրի մասին կը պատմէ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետդոկտ. Տանիա Օհանեանին, վերջինս կ՚առաջարկէ ծրագիրը ներկայացնել Գանատայի Հայոց ԹեմիԱռաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, որուն աջակցութեան շնորհիւ գիրքը կը տպագրուի։
«Նարեկացի» արուեստի միութեան նախագահը համոզուած է, որ այս բոլորի մէջ կայնախախնամութիւն,-«ամէն ինչ Տիրոջ կողմէ ուղղորդուեցաւ դէպի մեր առաջնորդը, որ այսօր ալ, դարձեալ մեր հոգեւոր հովիւը Տիրոջ կողմէ Գանատայէն Հայաստան ուղարկուած է՝ ներկայ գտնուելուգիրքի շնորհանդէսին, իր օրհնութիւնը մեզ շնորհելու համար։
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն իր հայրական խօսքով նշեց, որ«Պահը շատ յուզիչ է եւ միաժամանակ մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէ, որովհետեւ հնչեցինխօսքեր, որոնք մեզ կը զօրացնեն, կը հզօրացնեն եւ կը հաստատեն, որ մեր հանճարները անմահ են։Այսօր Սայաթ Նովայի միջոցով դարձեալ Նարեկացին լսեցինք, Նարեկացին շնչեցինք եւ Նարեկացինապրեցանք։ Ահաւասիկ մեր մեծերը, որոնք պէտք չէ մեռնին եւ չեն մեռնիր այնքան ատեն, որ մենքկ՚ապրեցնենք զիրենք, կը լսենք եւ իրենց միջոցաւ մեր հայեացքը կը դարձնենք առ ամենաբարին, ամենամեծը, ամենակարողը: Նարեկը Աստուածաշունչէն յետոյ, ամենասուրբ գիրքը դարձած է եւ պէտքէ մնայ, ոչ միայն բարձի տակ դրուելու, այլ ապրելու, իրապէս զգալու, որովհետեւ երբ Նարեկացի կըկարդանք, կը գիտակցինք, որ անոնք սոսկ բանաստեղծական բառեր չեն, այլ կարծես մեզմէիւրաքանչիւրին սրտի կանչն է առ Աստուած, կը զգանք, որ որքան փոքր ենք մենք այս մեծութեանդիմաց, որքան տկար ենք այդ զօրութեան դիմաց եւ մեր միւս մեծերուն դիմաց։ Իրապէսշնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր տնօրէն ՆարեկՅարութիւնեանին եւ իր բոլոր աշխատկիցներուն, Մաշտոց Մատենադարանին, որունհամագործակցութեամբ մենք կրցանք այս նմանահանութիւնը լոյս աշխարհ բերել։ Շնորհակալութիւնբոլոր անոնց որոնք մասնակցած են այս գործին եւ այսօր բոլոր ելոյթ ունեցողներուն։ Այսօրուանձեռնարկը մեզի պարգեւեց Նարեկացիի եւ Սայաթ Նովայի ընդմէջէն տեսնելու գեղեցիկը, որ ունինքՄաշտոցէն սկսեալ մինչեւ այսօր։ Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց ըսելով,- Վաղը կրնան ըսել այսեկեղեցին մզկիթ էր, այս մեծն ալ հայ չէ , բայց հայկականութիւնը, ազգութիւնը նիւթական շէնքով չէ, ոգիով է։ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ,- կրնան մեր մարմինները սպաննել, բայց չեն կրնար մեր ոգին սպաննել։Այո՛ ոգին չի մեռնիր, եթէ մենք չմեռցնենք: Այս ոգին է պէտք, որպէսզի մենք ապրինք, եւ կարենանքշարունակել մեր հոգեմտաւոր արժէքներով հզօրանալ եւ շարունակել մեր պայքարը: Նոր մեծութիւններպիտի շարունկեն ծնիլ այնքան ատեն, որ մենք այս ոգին կը պահենք»։
Շնորհանդէսի ընթացքին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան ցուցասրահին մէջ
Ներկայացուեցան գեղանկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեանի հեղինակած Սայաթ Նովայի
դիմանկարները։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան քամանչահար Յակոբ Խալաթեանը, «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նովա» ժողովրդական նուագախումբի երաժիշտները:
Հանդիսութեան աւարտին «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեանըմիութեան «Հայ մշակոյթի դեսպան» յուշանուէրը յանձնեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին։
Նայիրի Մկրտիչեան
Երեւան

