Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Կիրակնամտից Ժամերգութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էին՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժնմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպկանը եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։

Ժամերգութեան աւարտին, Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ Անդաստանիարարողութիւն եւ Աղի օրհնութեան կարգ։

Կիրակի, 7 Սեպտեմբեր 2025-ին, Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյանուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Նշան ՀայաստանեայցԱռաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Գէմպրիճ։

Սուրբ Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին՝ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը։

Սուրբ Խորանէն երգեցողութիւնը կատարեց՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։

Իր քարոզին ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Գէմպրիճի Սուրբ Նշան ԵկեղեցւոյՀոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս գործող բոլորմիութիւններու աշխատնքը։

Սուրբ Պատարագէն ետք, հոգահանգիստ կատարուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտիքաջամարտիկներու յիշատակին եւ ապա կատարուեցաւ Մատաղի օրհնութիւն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

585630130_1285687983601029_9190933309159228435_n

Image 1 of 500