«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ»Ի ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2019-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախաձեռնած եւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Լուսարձակ»ի երկրորդ հանդիպումը, որ կը կրէր «Հիմա Է Մեր Ժամանակը, Եկէ՛Ք Զրուցենք» խորագիրը: Երիտասարդական այս հանդիպման առաջին կանգառն էր Թորոնթօն՝ 7 Մարտ 2019-ին: Նշենք, որ այս ծիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի շրջի նաեւ այլ համայնքները եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ:
Մոնթրէալի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ: Հանդիսավարն էր Օրդ. Նազիկ Հանէշեանը: Ներկայ էին աւելի քան յիսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, որոնք անկեղծօրէն ներկայացուցին իրենց մտածումները, կարծիքներն ու դժուարութիւնները: Առաջնորդ Սրբազանը լսեց անոնց, զրուցեց անոնց հետ, եւ ճամբաներ թելադրեց՝ առօրեայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։
Առաջնորդ Սրբազանը երիտասրդութեան հետ զրուցեց քրիստոնէականդաստիարակութեան, ինքնութեանպահպանման, մերեկեղեցւոյդերակատարութեան, երիտասարդներըազգային-եկեղեցականկեանքինհետկապուածպահելուեւքրիստոնէական աստուածաբանութեան հետառնչուող նիւթերու մասին:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին երիտասարդներ անհատական զրոյցներ ունեցան Բաբգէն Արքեպիսկոպոսին հետ եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստացան: