Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսիօրհնութեամբ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ զանազան նախաձեռնութիւններ Հայաստանի մէջ,հիմնուած եւ առաջադրուած Թեմիս «Արցախ, Մեր Տուն …» օժանդակութեան ծրագիրներու ծիրէններս։

Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախահայ երիտասարդներու հետյատուկ հանդիպում մը, նիւթ ունենալով՝ «Վերականգնումը որպէս հեռանկարային, յամառ եւհաւատապնդուած գործընթաց»։ Սոյն հանդիպումը վարեց Առաջնորդական Փոխանորդ՝Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։

Հանդիպումը կազմակերպուած էր համագործակցութեամբ Big Mind ոչ-կառավարականկազմակերպութեան (NGO) տնօրէն՝ Պրն. Յակոբ Մաքտիսի, որուն ջանքերով Երեւանի մէջ տեղիկ՚ունենան Արցախահայ երիտասարդներու զանազան համախմբումներ, դիւրացնելու համարտեղահանման եւ Հայաստանի մէջ հաստատման իրենց կեանքի այս նոր հանգրուանը։

Իր պատգամին մէջ Հայր Գեղարդ անդրադարձաւ Արցախի կորուստի հարցին եւ այդ կորուստինթողած վերքին ու ցաւին, եւ խորհրդածեց Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքէն եկող լուծումին ուդարմանին մասին։ Հայր Գեղարդ խօսեցաւ Հին Կտակարանեան երեք դէմքերու մասին,Զօրաբաբէլին, Եզրասին եւ Նէեմիային, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացան Բաբելոնեանգերեվարութենէն ետք՝ Երուսաղէմի վերականգման, Աստուածային Օրէնքներու վերուսուցման,ինչպէս նաեւ տաճարի ու քաղաքի պարիսպներու վերակառուցման։ Հայր Գեղարդ յատկապէսշեշտեց, թէ՝ վերականգնումի այդ աշխատանքը որպէս շնորհք ընծայուեցաւ Եբրայեցի ժողովուրդին,Պարսից Կիւրոս կայսեր կողմէ, աստուածային միջամտութեամբ մը, եւ թէ՝ Եբրայեցի գերեդարձուածժողովուրդը աշխատանքը սկսաւ՝ Տաճարի Խորանի կառուցմամբ, ապա՝ տաճարի արտաքին շէնքիվերականգնումով, եւ ապա միայն՝ անցան քաղաքի արտաքին պարիսպներու վերաբարձրացմանաշխատանքներուն։ Հայր Գեղարդ մատնանշեց երեք կարեւոր դասեր, զորս կարելի է քաղել այսդրուագէն։ Առաջին, աշխատանքը սկսաւ ներսէն դուրս ընթացքով մը (խորան – տաճար – քաղաքիպարիսպ), այսինքն՝ նախ կառուցեցին հաաւտքի խորանը եւ ապա՝ անցան միւսաշխատանքներուն։ Երկրորդ, աշխատանքին մասնակցեցան բոլորը՝ միասնական ջանքով,իւրաքանչիւրը կատարելով իրեն ինկած գործի բաժինը։ Երրորդ, Աշխատանքը կատարեցին յամառկամքով, համբերատարօրէն եւ հաւատքով զօրացած։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արդեան Ճարտարապետական եւ արուեստի կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ՝ կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն, ճարտարապետ եւ արուեստագէտ՝ պրն. ՎազգէնԲրուտեանի։

Նման հանդիպումները անհրաժեշտ են Արցախահայ երիտասարդներուն համար, որոնքշաբաթական դրութեամբ կը հանդիպին յատուկ դասընաթցքներու հետեւելով, այսպիսովիմաստաւորած ըլլալով իրենց կեանքը, թէեւ Արցախէն հեռու, բայց՝ հայրենիքի մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

527371706_1189263476576814_4169154206213046142_n

Image 10 of 10