19 Յուլիս 2025-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան բաժանմունքին, Օնթարիոյի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ ԹեմիսՍարկաւագներու եւ Դպրաց Դասերու տարեկան համախմբումը՝ հովանաւորութեամբ եւներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։

Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, բացումը կատարեց համախմբումին, որ սկիզբառաւ Առաւօտեան Ժամերգութեամբ։ Մասնակիցները ժամանած էին Թեմիս եկեղեցիներէն,մէկտեղելով աւելի քան 80 Սարկաւագներ, Կիսասարկաւագներ, դպրիրներ ու դպրուհիներ։

Օրակարգը առաջին հերթին սկսաւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանիխորհրդածութեամբ:

Հայր Սուրբը որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ես ոչխարներս կը ճանչնամ, անոնք իմ ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնքբնաւ պիտի չկորսուին» (Յովհաննէս 10:27-28)։

Հայր Սուրբի խորհրդածութենէն ետք, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանառաջնորդեց ծանօթացման (Icebreaker) բաժինը։

Օրուան թեման էր՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծառայողներու Ինքնութիւնը»:

Առաջին նիւթն էր՝ «ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ», որ ներկայացուց՝ «Դանիական ՀայկականԲարեգործական Առաքելութիւն» Կազմակերպութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Պրն. ԱրշաւիրԳաբուճեան:

Երկրորդ նիւթն էր՝ «ՀԱՍԿՆԱՆՔ ՄԵՐ ԴԵՐԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ», որ ներկայացուց՝Թեմիս Սարկաւագներէն՝ Բարեշնորհ Տարօն Սրկ. Հալլաճեան:

Երրորդ նիւթն էր՝ «ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ ԴԷՊԻ ԱՇԽԱՐՀ», որ ներկայացուց՝ Գանատայի ՀայոցԹեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան:

Սիրոյ Սեղանի դադարէն ետք մասնակիցները վերլուծական խմբային աշխատանք մը ունեցան։

​​

Աւարտին, Բաժանմուքը կազմակերպած էր զարգացման մրցում մը հիմնուած Աստուածաշունչիվրայ, որ ստեղծեց դաստիարակչական հաճելի պահեր։ Զարգացման մրցումին առաջին երեքդիրքերը ապահովող մասնակիցները Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ նուէրներ ստացան։

Համախմբումը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

522265362_18214054645306349_3764441095382617604_n

Image 1 of 16