Հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեանի, Ազգային Առաջնորդարանը Արցախի օժանդակութեան իր ծրագիրներու ծիրէն ներս,կազմակերպած էր իր տեսակին մէջ մասնագիտական համագումար մը (MindLead Forum 2025), որտեղի ունեցաւ, Շաբաթ, 26 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի Elite Plaza Business Center-ի մէջ, որ կըհամախմբեր հայրենի երիտասարդներ, որոնք ամբողջ օր մը առիթը ունեցան միասնաբարխօսելու՝ մտքի նորոգութեան, բարոյական առաջնորդութեան, առաջնորդի կերպարին վրայհոգեւոր իմացութեան ազդեցութեան, լուռ առաջնորդութեան ու անոր ազդեցութեան եւ հոգեկան ուհոգեբանական առողջութեան եւ անոր պահպանման մասին։
Ծրագրին կը մասնակցէին Գանատայի Հայոց Թեմը, Mind Link կրթամշակութայինՀասարակականԿեդրոնը եւ Project Inn_able ՀասարակականԿազմակերպութիւնը։
Չորս մասնագէտ դասախօսներ, իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս երիտասարդներուններկայացուցին այժմէական թեմաներ, հետեւեալ վերնագրումներով.
“Transformed by Renewing Minds” – Right Reverend Father Keghart Kosbakian
“Ethical Leadership ans Spiritual Intelligence” – Dr. Dania Ohanian (EdD)
“The Power of Mindful Nonverbal Communication” – Mr. Hagop Makdis
“Healthy Theology, Healthy Psychology: How Do Faith and Spirituality Affect our Mental and Psychological Health?” – Mrs. Nora Chitilian (LMFT)
Ամբողջ օրուան մը ընթացքին, դասախօսական ներկայացումները, ընկերային մթնոլորտն ուքննարկումները միջոց հանդիսացան ստեղծելու մտերմիկ եւ մտամփոփման մթնոլորտ մը,միասնաբար խորհրդածելու եւ քաջալերելու մեր երիտասարդները, դառնալու յանձնառուառաջնորդներ եւ դիմագրաւելու արդի աշխարհի մարտահրաւէրները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ