Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասը՝ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց ԹեմիԱռաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, այս տարի եւս, 9-10 Սեպտեմբեր 2025-ին, Maison de spiritualité des Trinitaires վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ երկօրեայ համախմբում, որուն նպատակն էրհոգեպէս վերանորոգուիլ եւ վերալիցքաւորուած լծուիլ հովուական ու եկեղեցական առաքելութեան:
Արդարեւ, Երեքշաբթի առաւօտեան, համախմբումը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղեց իր խօսքը, նախ ողջունելով հոգեւոր հայրերը, գնահատելով անոնցնուիրումն ու մատուցած ծառայութիւնը։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ երկօրեայ այսհամագումարը բոլորին համար դառնայ ինքնաքննութեան եւ վերանորոգութեան առիթ։
Համագումարի օրակարգը բովանդակալից էր, կ՚ընդգրկէր աղօթքի պահեր, Աստուածաշնչականխորհրդածութիւններ, ժամերգութիւններ, հոգեւոր մտամփոփման պահեր, կարծիքներու եւփորձառութեանց փոխանակում, ինչպէս նաեւ հովուական, ծիսական եւ վարչական խնդիրներուարծարծում:
Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոսպոս անգամ մը եւս գնահատեց հոգեւոր հայրերը, կոչուղղելով բոլորին շարունակելու նոյն սիրով եւ բծախնդրութեամբ իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Հոգեպարար այս օրերը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն համար առիթ հանդիսացանԱստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւվերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

