Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, 6-7 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասը՝ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, ունեցաւ երկօրեայ համախմբում, որուն նպատակն էր հոգեպէս վերանորոգուիլ եւ վերալիցքաւորուած լծուիլ հովուական ու եկեղեցական առաքելութեան:
 
​Արդարեւ, Երեքշաբթի առաւօտեան, համախմբումը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր խօսքը, նախ ողջունելով հոգեւոր հայրերը, գնահատելով անոնց նուիրումն ու մատուցած ծառայութիւնը հոգեւոր մարզէն ներս, եւ լաւէն լաւագոյնին ձգտելու եւ անխոնջ ծառայելու անոնց տենչը։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ երկօրեայ այս համագումարը բոլորին համար դառնայ ինքնաքննութեան եւ վերանորոգութեան առիթ։
 
​Համագումարը բաղկացած էր երկու նիստերէ, որոնք յագեցած էին աղօթքի պահերով, Աստուածաշնչական խորհրդածութիւններով, ժամերգութիւններով, հոգեւոր մտամփոփման պահերով, կարծիքներու եւ փորձառութեանց փոխանակումով, ինչպէս նաեւ հովուական, ծիսական եւ վարչական խնդիրներու արծարծումով:
 
​Այս տարի, հոգեւորականաց համախմբումին ներկայ էր նաեւ հոգեբան Նորա Շիթիլեանը, Լոս Անճելըսէն, զոր հանդէս եկաւ դասախօսութիւն-աշխատանոցով մը, նիւթ ունենալով՝ «Ծառայական կեանքը եւ մենք» թեման, իսկ ազատ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցաւ՝ «Թեմական կեանք եւ հոգեւոր ծառայութիւն» նիւթը:
 
​Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոսպոս անգամ մը եւս գնահատեց հոգեւոր հայրերը, կոչ ուղղելով բոլորին՝ դրական հոգիով ապրելու եւ բացարձակ բծախնդրութեամբ կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը, շեշտեց, որ ճշմարիտ հոգեւորականի պարտքն ու պարտականութիւնն է, որպէս խոնարհ ծառայ Քրիստոսի, բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալել հոգեւոր արթնութեամբ, պատասխանատուութեան խորունկ գիտակցութեամբ եւ անդուլ ու անտրտունջ աշխատանքով։ «Մենք պէտք ունինք վերանորոգուելու, հաւատքով աւելի զօրանալու, որպէսզի Աստուծոյ մեզի յանձնած գործը իր լրումին հասցնենք», եզրափակեց ան։
 
​Հոգեպարար այս օրերը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն համար առիթ հանդիսացաւ Աստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը՝ նոր կամքով ու կորովով։