Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ին, Քինկըսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս Եկեղեցիներու Դպրաց Դասերու եւ Սարկաւագներու միօրեայ աշխատանոցը՝ մէկտեղելով աւելի քան 60 Սարկաւագներ, Կիսասարկաւագներ, դպրիրներ ու դպրուհիներ։
Ներկայ էին նաեւ, Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, եւ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան։
Համախմբումը սկիզբ առաւ Առաւօտեան Ժամերգութեամբ։ Որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց բացումը աշխատանոցին։ Բարի գալուստի խօսքին մէջ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ ծառայութեան կարեւորութեան ու անոնց տեսակներուն մասին։
«Աստուած իւրաքանչիւրիս շնորհք մը տուած է եւ մենք պէտք է այդ շնորհքին տէրը ըլլանք։ Մէկը երգելու շնորհք ունի, ուրիշ մը նուագելու եւ կամ խմբավար ըլլալու։ Այս բոլոր շնորհքները եկեղեցւոյ մէջ իրար միանալով կը դառնան մէկ ամբողջութիւն», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Աշխատանոցը համակուած էր քրիստոնէական, եկեղեցագիտական, դաստիարակչական եւ Ս. Գրային ներկայացումներով։
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, մասնակիցները ներկայացուցին իրենց անձերը եւ կեդրոնացան Եկեղեցի բառի մասին եւ անոր իմաստը մեր կեանքին մէջ։
Ապա, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը։ Խորհրդածութեան նիւթն էր Պօղոս Առաքեալի Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակի 12-րդ գլուխը։
Խորհրդածութենէն ետք, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան ներկաներուն ներկայացուց «Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսագիտութիւնը» նիւթը, ուր ներկայացուեցան Հայ Եկեղեցւոյ մատեանները, տօները եւ Ժամերգութիւնները։
Այնուհետեւ, Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան կատարեց շարականի ուսուցում։
Երկրորդ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Բարեշնորհ Տարօն Սարկաւագ Հալաճեան, որ ներկայացուց «Ծառայութիւնը Նոր Կտակարանին մէջ» նիւթը։
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում՝ եկեղեցական նիւթերու բովանդակութեամբ։
Աւարտին, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան գնահատանքի խօսքով եզրափակեց համախմբումը։ «Իւրաքանչիւրս տաճարին մէկ քարն ենք եւ իրար միանալով կը դառնանք Քրիստոսի մարմինը հանդիսացող տաճարը» ըսաւ Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ։
Համախմբումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերքով, եւ Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։