Թեմիս գործունէութիւնը իր եկեղեցիներով, առաւել եւս նորարարական դարձնելու անհրաժեշտութենէնմղուած, Ազգային Առաջնորդարանը 2023-ին ձեռնարկեց հարթակի մը պատրաստութեան։

Ծրագրի աշխատանքները արդէն իսկ հասած են իրենց աւարտին եւ հարթակը Armenian Prelacy of Canada անունով IOS եւ Android տարբերակներու վրայ տրամադրելի է բոլորին։

Հարթակը կ՚ընդգրկէ՝ ժամերգութիւններ (գիշերային եւ առաւօտեան), ամէնօրեայ աղօթքներ (առաւօտեան եւերեկոյեան), Նոր Կտակարանի եւ Սաղմոսներու լսագրադարանային տարբերակով, Հայ Եկեղեցւոյտօնացոյցը, «ԱՅՍ Է ՄԱՐՄԻՆ ԻՄ» Թեմիս պատրաստած Սուրբ Պատարագի բացատրութիւնը ներկայացնողտեսերիզը, ձայնագրեալ շարականներու հատորները, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներու տեղեկութիւնները,եւայլն…։

Հարթակը շարունակական ձեւով պիտի օժտուի նոր տեղեկութիւններով եւ եկեղեցական գիտելիքներով։

Կը քաջալերենք հաւատացեալները,

որ արձանագրուին Թեմիս հարթակին (APP) Armenian Prelacy of Canada անունով APP STORE-էն/ Google Play-էն ներբերելու եւ օգտուելու տեղադրուած աղօթքներէն եւ եկեղեցական գիտելիքներէն։

Android

https://play.google.com/store/apps/details…

iPhones

https://apps.apple.com/ca/app/armenian-prelacy/id6480720130

Թող Աստուած օրհնէ բոլորդ եւ աղօթքը ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձնէ ձեր կեանքէն ներս։

ԴԻՒԱՆ

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

App-2

Image 1 of 10