Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը գումարուեցաւ 2-3 Մայիս 2025-ին, Լաւալի մէջ, հիւրընկալութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ժողովին կը մասնակցէինԹեմիս բոլոր եկեղեցիներու Ազգային Երեսփոխաններն ու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ժողովի բացումըաղօթքով կատարելէ ետք, ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յղածօրհնագիրը։
Ժողովը օրակարգերու ընդմէջէն, յառաջիկայ տարուան գործունէութեան համար որդեգրեցհետեւեալ առաջնահերթութիւնները.-
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Կաթողիկոս ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին նուիրուածհանդիսութեանց կազմակերպումը Գանատայի համայնքներէն ներս։ Վեհափառ ՀայրապետըԳանատա պիտի այցելէ 16-22 Հոկտեմբեր 2025-ին։
Նկատի ունենալով գանատահայ մատղաշ սերունդի հոգեւոր կարիքները՝ շարունակելքրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրները, յատկապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներունտրամադրելով նոր պատրաստուած դասագիրքերը:
Շարունակել երիտասարդութեան համար նկատի առնուած աստուածաբանական ուղղափառդասընթացքները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն գտած են երիտասարդներուն մէջ։
Սարկաւագներու եւ դպիրներու համար կազմակերպել յատուկ դասընթացքներ եւաշխատանոցներ, պատրաստելու զանոնք հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ծառայութեան համար։
Ժողովս յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի այսօրուան տագնապին, տիրող ճգնաժամին եւվերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի հայութեան կարիքներուն։
Ժողովս մեծապէս գնահատեց Tyndale Համալսարանի հետ համագործակցութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյու աստուածաբանութեան մասին պատրաստուած ծրագիրը։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւններ Կրօնական Ժողովի եւ ԱզգայինՎարչութեան։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ