Բուն Բարեկենդանով կը սկսին Մեծ Պահոց Կիրակիները եւ ոսկեայ շղթայի մը նման կը շարունակուինմինչեւ Ս. Յարութիւն։

 

Բուն Բարեկենդանը կու գայ յիշեցնելու մեզի, որ մարդը ամէն ուրախութիւն եւ բարիք ունէր Աստուծոյկողմէ իրեն տրուած։ Սակայն մարդը կը կորսնցնէ այդ բոլորը իր անհնազանդութեան պատճառով եւ իրանառակ կեանքին պատճառով կը մսխէ այդ բոլոր բարիքները եւ կը հեռանայ Աստուծմէ։

 

Բարեբախտաբար սակայն կ՚անդրադառնայ իր կատարած սխալին եւ կ՚ունենայ յոյսը վերադարձի եւբնականաբար խոստովանութեամբ ու զղջումով եւ մանաւանդ ապաշխարութեամբ վերադարձիճամբան կը բռնէ դէպի իր հարազատ տունը։

 

Մեծ Պահքը հոգեւոր ճամբորդութիւն մըն է, սակայն, պէտք է պատրաստուիլ այդ ճամբորդութեանհամար։ Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ է, ինքնաքննութիւն, խոստովանութիւն, ապաշխարութիւն եւ կեանքի ընթացքի փոփոխութիւն։

Մեծ Պահոց ընթացքին չկեդրոնանանք միայն այսինչ կամ այնինչ ուտելիքին վրայ։ Մեր եկեղեցւոյհայրերը յատուկ կերպով ճշդած են կանոնները, հեռու մնալու կենդանական աշխարհի բարիքներէն, հեռու մնալու կերուխումէն, մարմինը տկարացնելու եւ հոգին զօրացնելով զերծ պահել մեղքերէն։Այլապէս, մարմինը կը տկարանայ եւ հոգին կը պարարտանայ մեղքերու ծանրութեամբ եւ թոյլ չի տարլաւագոյն ձեւով պատրաստուելու հոգեւոր ճամբորդութեան, հանդիպելու մեր Տիրոջ Յիսուս ՔրիստոսիՀրաշափառ Յաղթանակի օրը։

 

Եկէ՛ք այս գիտակցութեամբ պատրաստուինք եւ կատարենք մեր հոգեւոր ճամբորդութիւնը, ՅիսուսՔրիստոսի միջոցով հաշտուելու Աստուծոյ հետ եւ հասնելու սրբութեան. «Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէմէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի դիր իմ ներսիդիս» (Սաղմոս 51.10)։

 

Չտկարանանք, չյուսահատինք, մեղաւորները փրկելու համար եկաւ Քրիստոս։

Պատրաստութեան ընթացքին փորձենք հեռու մնալ բամբասանքէ, չար մտածումներէ, ուրիշին վնասհասցնելու չար մտադրութիւններէ եւ ամէն տեսակ ապականութիւն սերմանող արարքներէ։

 

Հոգեւոր իսկական ճամբորդներ դառնանք եւ փորձենք այնպիսի հնարքներ գտնել Աստուծոյվստահութիւնն ու բարեկամութիւնը շահելու։

 

Բարի եւ հեզասահ  ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։

 

Շնորհաւոր Բարեկենդան՝

Բարով հասնինք Ս. Յարութեան։

 

Աղօթարար՝

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի