«ԲԱՐԵ՛Ւ … ԵՍ ԳԻՐՔՆ ԵՄ»

Ազգային Առաջնորդարանի Դասագիրքը

կը հովանաւորուի Բաստրմաճեան Հիմնադրամին Կողմէ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեանի եւ մեկենասութեամբ Բաստրմաճեան Հիմնադրամին, Գանատայի տարածքին գործողԱմէնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններուն պիտի տրամադրուի գունագեղ ու պատկերազարդդասագիրք մը՝ «Բարե՛ւ … Ես գիրքն եմ» անունով։

Սոյն հրատարակութիւնը նախատեսուած է նախակրթարանի աշակերտներու տարիքին համար,ուր մատչելի լեզուով եւ ուսուցողական զանազան խաղերով՝ երկխօսութեամբ մը երեխան կըմտերմացէ գիրքի հարուստ աշխարհին հետ։

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէԲաստրամճեան Հիմնադրամին, որ մեկենասը դարձաւ այս հրատարակութեան, հաւատալովնախաձեռնութեան կարեւորութեան եւ կարիքին։ Հիմնադրամի նպատակներէն մէկն է՝ քաջալերելգաղութի հայկական ուսումնական, մշակութային եւ ընկերային կառոյցներու ծրագիրները եւ առայդ յարմար նկատեց ընդառաջել ներկայացուած նպաստի առաջարկին։

Ազգային Առաջնորդարանը համոզուած է, որ այս հրատարակութիւնը իր գրաւիչ ու հարուստբովանդակութեամբ, լաւագոյն օժանդակ գիրքը կրնայ հանդիսանալ մեր դպրոցներէն ներս՝ հայեցիուսուցումը առաւել մատչելի եւ հետաքրքրական դարձնելու համար։

ԴԻՒԱՆ Ազգային Առաջնորդարանի

494231681_1116107073892455_2235962243949185593_n

Image 1 of 1