Կիրակի, 6 Ապրիլ, Վանքուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ։ Պատարագիչն էր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը։ Պատարագիչ առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին ընդմէջէն անդրադարձաւ սոյն եկեղեցւոյ անունը կրող Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապի տօնի յիշատակման, շեշտելով որ Լուսաւորիչի Քրիստոսակեդրոն հաւատքը, պատճառ հանդիսացաւ որ ինք իր հաւատաքննութեան վկայակոչումը կրէ ամենայն համբերութեամբ եւ այդ ամրակուռ հաւատքի լոյսը փոխանցէ իր ժողովուրդին՝ հայ ժողովուրդին։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Սրբազան հայրը Միւռոնաթափ աղաւնին ձեռամբարձ ու հոգեթով աղօթասացութեամբ օրհնեց ջուրը եւ ապա բաշխուեցաւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին։

 

489296816_1096376662528302_2444467109464148619_n

Image 4 of 7