Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյտարեկան ճաշկերոյթը, Գէմպրիճի մէջ։

 

Ներկայ էին նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. ԳեղարդԾայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւեկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ՝ Պարոն Կարօ Փոսթաճեան։

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան, բարի գալուստի խօսք ուղեց եւներկայացուց Եկեղեցւոյ ծրագիրները։

 

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին ԾովիկԹերզեան։

 

Ապա, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը յուշանուէր մը փոխանցեցին Եկեղեցւոյ նախկինՀոգեւոր Տեսուչ՝ Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանին։

 

Ճաշկերոյթի ընթացքին, Տէր Նշանի խմբավարութեամբ նորակազմ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մըերգեր։

 

Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ գնահատեց Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը եւՍուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմի անդամները անոնց նուիրումին եւ անսակարկծառայութեան համար։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նորակազմ երգչախումբըմկրտեց «ԿԻԼԻԿԻԱ» անունով։

 

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

 

Իսկ, Կիրակի, 9 Նոյեմբեր-2025-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նախագահեց եւ իր պատգամըփոխացեց, Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ