Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, այսօր, 1 Սեպտեմբեր 2022-ին, վերամուտի առիթով, այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելու նախակրթարանի եւ Երկրորդականի աշակերտներուն։
 
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հիւրընկալուեցաւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Օրիորդ Լորի Ապրաքեանին եւ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանին, ատենապետ, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, կողմէ։
 
2022-2023 կրթական նոր տարեշրջանի սեմին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ աշակերտները, այցելեց դասարանները, անջատ հանդիպում ունեցաւ երկրորդականի աւարտական դասարանի ուսանողներուն հետ, մօտէն ծանօթացաւ անոնց աշխատանքներուն եւ դպրոցական ծրագիրներուն ու ապա իր հայրական օրհնութեամբ մաղթեց անոնց յառաջդիմութիւն, նուաճում եւ պարծանք՝ Հայ Ազգին։