Սեպտեմբեր 27-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան Երեւանէն մեկնեցաւ Գիւմրի, ուր հիւրընկալուեցաւ «Միասին» կազմակերպութեանհիմնադիր-նախագահ Աստղիկ Մառանջեանի եւ կազմակերպութեան տնօրէնուհի ՍաթենիկՅովհաննիսեանի կողմէն։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ խումբ մը արցախահայեր, որոնք 2024 թուականի մասնակցած էինԳանատայի Ազգային Առաջնորդարանի եւ «Միասին» կազմակերպութեան համագործակցութեամբիրականացուած ծրագրերուն, որոնք էին՝ հաւաքական մկրտութիւնն ու «Արցախ մեր տուն…» ծրագրինախաձեռնութիւնները։
Աստղիկ Մառանջեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր օրհնութիւններուն համարյատկապէս սոյն այցով, ինչպէս նաեւ արցախահայերուն յատուկ ծրագիրներուն Գանատայի ԱզգայինԱռաջնորդարանի համագործակցութեան համար։
Արցախցի եւ Գիւմրեցի կանանց ձեռքերով պատրաստուած անուշեղէններու հիւրասիրութենէն ետք, կազմակերպութեան նախագահը Գերաշնոր Սրբազան Հօր ներկայացուց կեդրոնի բաժիններն ուիրականացուող ծրագրերը. «Միասին»-ի Եռայարկ շէնքը ունի նկարչական ցուցասրահ, ուր յաճախ կըկազմակերպուին ցուցահանդէսներ, «Աշկերտներու Կեդրոն», ուր կը կազմակերպուին բազմաբնոյթանվճար դասընթացներ, ուսանողական հիւրատուն, ինչպէս նաեւ արցախցի եւ գիւմրեցի կանանց ուաղջիկներու կողմէ պատրաստուած անուշեղէններու արտադրամաս եւ սրճարան։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գնահատեց «Միասին»-ի տարած մեծածաւալ եւ կարեւոր աշխատանքը, որ կընպաստէ արցախցի եւ գիւմրեցի երիտասարդներու եւ երեխաներու բազմակողմանի զարգացման, արուեստի գործերու գնահատման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ կանանց ու տարեցներու կեանքիթեթեւացման ու արդիւնաւէտութեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
no images were found

