ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի կրթական 2017-2018 տարեշրջանի բացումը:

Բացման խօսքը արտասանեց ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Տիար Սեւակ Քիւփէլեան։ Դպրոցի Տնօրէն՝ Պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերներուն, իսկ աւարտին իր հայրական խօսքը փոխանցեց ԱռաջնորդՍրբազան Հայրը։ Աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր խօսքը կեդրոնացուց Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին վրայ, որ պիտի նշուի 2018 թուին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, աշակերտները առաջնորդուեցան իրենց դասարանները: