Ի՞նչ է խորհուրդը այս պատմական իրադարձութեան։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի գագաթնակէտն է Համբարձումը։

Անոր Տնօրինական կեանքի առաքելութեան աւարտն է եթէ կ՚ուզենք։

Քրիստոս Իր յարութենէն ետք քառասուն օրեր իր աշակերտներուն հետ եղաւ, խօսեցաւ անոնց, ուսուցանեց, պատգամեց եւ նախապատրաստեց գալիքին, ծառայական ու առաքելական կեանքիաշխատանքային դաշտին բացուելու։

Մէկ խօսքով՝ Քրիստոս պատուիրեց անոնց Իր վկաները դառնալ, փրկութեան բարի լուրըտարածելու ողջ մարդկութեան։

«Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գործք1.8)։

Այս խօսքերէն ետք Յիսուս իր աշակերտներուն դիմաց երկինք Համբարձաւ։

Աւարտեցաւ Իր երկրաւոր տնօրինական առաքելութիւնը եւ նոր փուլի մը՝ նոր կեանքի մը սկիզբըդրուեցաւ։

Քրիստոսի համբարձումը կու գայ յիշեցներլու մեզ, որ կարելի էր վերափոխուիլ, այլափոխել մերկեանքը, հոգին եւ մեր ուղին։ Ան մեզի ուժը կու տայ, կը ներշնչէ եւ կը յուսադրէ վաղուան մերկեանքի բարելաւման, սակայն փոխակերպելով մեր ընթացքը այլափոխելով ու նորոգելով մերմիտքը, մաքրազարդելով մեր հոգին եւ սիրտը։ Այսինքն՝ առաջնահերթ նկատելը մեր հոգեւոր աճըեւ բնականաբար աշխատիլ մնայունին, յաւիտենական կեանքին ժառանգորդ դառնալու։

Համբարձման տօնը այսօր կը յիշեցնէ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ մենք եւս կրնանք եւ պէտք էդառնանք վկաներն ու դեսպաները մեր Տիրոջ, բարի լուրը տարածելու, Իր սէրն ու կարեցանքը ցոյցտալու մեր նմաններուն՝ մարդուն։

Մեզի կը յիշեցնէ հաւատարիմ եւ զգօն ըլլալ ու պատրաստուիլ Իր վերադարձին, գալուստին։

Եկէ՛ք միասնաբար ունենանք յոյսը փրկութեան եւ վերադարձի։ Առաջնահերթ նկատենք հաւատքիամրապնդումը, հոգեւոր կեանքի աճը եւ հոգւով փոխակերպելու մեր ընթացքը կեանքի եւհաւատարմօրէն դառնալու Իր վկաներն ու դեսպանները։

Ահաւասիկ ՆՈՐ ՓՈՒԼԻ ՍԿԻԶԲԸ։

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

500761739_1138806458289183_1554197562417739305_n

Image 1 of 1