27 Յունուար 2025-ին, Երեւանի Elite Plaza կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներուհամար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացմանդասընթացk»-ի հաստատագրերու բաշխումը։

«Աշխարհի հետ խօսիլ աշխարհի լեզուով» կարգախօսը կրող կրթական վեցամսեայ այս ծրագիրըիրականացաւ՝ հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի, համագործակցելով Երեւանի Big Mind ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէնՊրն. Յակոբ Մաքտիսի հետ։

Ծրագրին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած էին 165 արցախցի, ընտրութիւնը կատարուած էր՝նախապատուութիւնը տալով այն դիմորդներուն, որոնք ցանկութիւն ունին անգլերէն լեզուի իմացութիւնն ուաշխատանքային հմտութիւնները զարգացնելու՝ գործ գտնելու համար։ Նկատի առնուած են նաեւ այնդիմորդները, որոնց համար անգլերէնի անբաւարար իմացութիւնը խոչընդոտ է աշխատանքի ընթացքինհաղորդակցելու եւ հմուտ բանակցութիւններ վարելու համար, ընդունուած են նաեւ դիմորդներ, որոնքաշխատանքի աւելի լաւ առիթ ունենալու համար կարիք ունէին այս դասընթացքին։

Հաստատագրերու բաշխման երեկոյին բացումը կատարեց ծրագրի ղեկավար Տիկին Գոհար Աբրահամեան, որ սահիկներով ներկայացուց ծրագրի անցած ճանապարհը։ Ապա խօսք առաւ «Պիկ Մայնտ» ուսումնականկեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիս՝ ըսելով,- «Ծրագիրը սկիզբ առաւ «աշխարհի հետ խօսիլաշխարհի լեզուով գաղափարախօսութեամբ․ փորձեցինք հիմնուիլ անգլերէն

դասընթացքի եւ աշխատանքային հմտութիւններու վրայ՝ իւրաքանչիւր մասնակիցի ցուցաբերելովանհատական մօտեցում»։ Խօսքի աւարտին Յակոբ Մաքտիս շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագրիուսուցիչներուն իրենց աշխատանքը մեծ պատասխանատուութեամբ կատարելու համար։ Ան իրերախտագիտութիւնը յայտնեց Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին այս ծրագիրը հովանաւորելու համար, ինչպէս նաեւԴոկտ. Տանիա Օհանեանին իր արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ հաստատագրերու բաշխմանարարողութեան ներկայ գտնուելու համար։

Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետը իր հերթին ողջունեց ներկաները՝ ըսելով.-«Հպարտալի պահ էայսքան արցախցի երիտասարդներու մէջ գտնուիլը։ Ուրախ ենք, որ կրցանք յաջողցնել այս ծրագիրը,շնորհակալ ենք ձեր հետեւողական մասնակցութեան համար, շնորհակալ ենք Յակոբ Մաքտիսին եւ ծրագիրըիրականացնող ողջ անձնակազմին։ Հետաքրքրական է, որ դուք այստեղ անգլերէն կը սորվիք, իսկԳանատայի մեր երիտասարդները հայերէն կը սորվին իրենց ինքնութիւնը պահելու համար։ ԳանատայիՀայոց Թեմի Առաջնորդի անունով կը մաղթեմ ձեզի կանաչ ճանապարհ, ուժ, կորով եւ Աստուծոյ օրհնութիւն՝ձեր ընտրած ճանապարհը յաջողութեամբ շարունակելու համար»։

Ծրագրի մասնակից, գրող-լրագրող Անի Մանկասարեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ծրագրիկազմակերպիչներուն ըսելով,- « Այս դասընթացքին մեր սորված անգլերէն առաջին արտայայտութիւնն էր«nice to meet you», եւ այդ արտայայտութիւնը արդարացի էր․ ուրախ ենք, որ արցախցիներս իրարուհանդիպեցանք «Պիկ Մայնտ» կեդրոնի յարկին տակ եւ դարձանք մէկ ընտանիք։ Այստեղ հաւաքուելով մենքոչ միայն անգլերէն եւ աշխատանքային հմտութիւններ սորվեցանք, այլ իրարու հետ Արցախի բարբառովշփուելով հոգեւոր սնունդ ստացանք»։

Մասնակիցները նկատել տուին ծրագրի կարեւորութիւնը եւ առաջարկեցին, որ ծրագիրը շարունակականըլլայ, որպէսզի մեծ թիւով երիտասարդներ հնարաւորութիւն ունենան անոր մասնակցելու։

Հաստատագրերու բաշխումէն ետք, Յակոբ Մաքտիս շնորհակալագիր մը յանձնեց Դոկտոր ՏանիաՕհանեանին, խնդրելով , որ ան իր հերթին զայն փոխանցէ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ըսաւ,- «Շնորհակալ ենք, որ Գանատայի մէջ ապրելով Հայրենիքը չէք մոռնար, որմիայն հեռուէն չէք սիրեր, եւ ձեր բազմաթիւ ծրագրերով եւ ներկայութեամբ մշտական կապի մէջ էքՀայաստանի հետ։ Այս երիտասարդութեան կողքին ըլլալով շատ մեծ գործ կը կատարէք»։

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը կը կարեւորէ այս բնոյթի ծրագրերը, որոնց արդիւնքը կրնայանկիւնադարձային կայուն դեր խաղալ՝ զարգանալու ձգտում ունեցող արցախցի երիտասարդներուկեանքէն ներս։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

BIG-MIND-ENGLISH-COURSES-6

Image 7 of 7