Հաստատագրերու Բաշխում

27 Յունուար 2025-ին, Երեւանի Big Mind Kids ուսումնական կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ արցախցի 20 երեխաներու համար նախատեսուած անգլերէն դասընթացքի հաստատագրերու բաշխումը։ Կրթականվեցամսեայ այս ծրագիրը, հովանաւորուած էր Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ ԳերաշնորհՏ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի Չարեանի կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Երեւանի Big Mind Kids ուսումնականկեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիսի։

Վեցամսեայ կրթական այս ծրագրին մասնակցող արցախցի քսան երեխաները ընտրուած էիններկայացուած բազմաթիւ դիմումնագրերէն, որոնց մէջ կան նաեւ զոհուած զինուորներու երեխաներ։

Երեխաները մեծ հաճոյքով մասնակցած են մանկավարժական եւ հոգեբանական չափանիշներովուսումնասիրուած ծրագրին, որ իր արդիական մօտեցումներով տուած է ցանկալի արդիւնք. անգլերէն լեզուիուսուցումը կատարուած է նկարազարդ գունագեղ ու հրապուրիչ գիրքերով եւ աշխատանքայինտետրակներով, ուսուցումը ուղեկցուած է նաեւ կառուցողական խաղերով. մասնակիցները «Լեկօ»-ներովկազմած են այն ինչ կ՚երեւակայեն, ապա անգլերէնով պատմած` իրենց կատարած աշխատանքի մասին։

Հաստատագրերու բաշխումէն առաջ, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Դոկտոր ՏանիաՕհանեան, ողջունեց փոքրիկները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ այս կարեւոր եւ արդիւնաւէտ ծրագրինիրենց աջակցութիւնը ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը ունենալուն համար, ապա երեխաներէն խնդրեց, որպատմեն, թէ ինչպէ՞ս կ՚ընթանան իրենց դասընթացները։ Երեխաները իրենց բառերով նկարագրեցինդասերուն ընթացքը եւ գոհունակութիւն յայտնեցին հաճելի եւ օգտակար ծրագրին մասնակցելու համար։

Նախաձեռնութեան աւարտին՝ մասնակիցները տօնական մթնոլորտի մէջ ստացան դասընթացքինմասնակցելու իրենց հաստատագրերը։

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը արցախահայութեան նուիրուած իր մարդասիրական ծրագրերունզուգահեռ՝ կը շարունակէ իրականացնել նաեւ կրթական ծրագրեր, որոնք կարեւոր դերակատարութիւնկ՚ունենան մասնակիցներու միտքն ու հոգին զարգացնելու գործին մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

BIG-MIND-KIDS-9

Image 9 of 10