Սեպտեմբեր 24-ին, Երեւանի Big Minds Kids ուսումնական կեդրոնէն ներս, Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Big Minds հաստատութեան կեդրոնը, ուր Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղիունեցաւ արցախցի երեխաներուն համար նախատեսուած Անգլերէն դասընթացքի հաստատագրերուբաշխումը։
Երկրորդ տարին իրականացուող վեցամսեայ այս դասընթացքին իւրայատկութիւնը՝ հաճելինօգտակարին հետ համատեղելն է. երեխաները անգլերէն կը սորվին՝ LEGO-ներով իրենցպատկերացումները կազմելուն զուգահեռ, այսպէս՝ անոնք հաճոյքով կը մասնակցին դասերուն եւգիտելիքը կ՚ընկալեն ամրապնդուած։ Ուսուցման այս մեթոտը կը շարունակէ տալ ցանկալի արդիւնքներ։
Հաստատագրերու բաշխումէն ետք, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ արդիական այս դասընթացքին՝հաստատելով մեթոտի հաճոյքն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Ան կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Մաքտիսինյայտնեց, որ շատ գոհ ու տպաւորուած է իրենց կատարած աշխատանքէն եւ համագործակցութեանշնորհիւ իրականացուած դրական արդիւնքներէն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

