Երեւան, Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025_ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին եւ Big Mind հաստատութեան, նոյն կեդրոնէններս տեղի ունեցաւ արցախահայ երիտասարդներու գործարարութեան զարգացման հետ առընչուած տասը ծրագիրներուներկայացումը։

 

Նշենք, այս ծրագիրը շարունակութիւնն է անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման դասընթացքներուն, ուր մասնակիցները անգլերէն լեզուի հետ զուգահեռ կը սորվին ծրագիրներ ներկայացնել՝ պիւտճէով եւ նորարար ոճով։

 

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան երբ Սեպտեմբեր 2025-ին յատուկ առաքելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, հանդիպեցաւ Արցախահայ երիտասարդներու հետ եւ քաջալերեց, որ անոնք շարունակեն իրենց կեանքը Հայաստանի մէջ եւզարգացնեն լեզուամտածողութիւնն ու կեդրոնանան գործարարական հնարաւորութիւններու վրայ։

 

Մասնակից 40 անհատներէն ընտրուեցան 10 հոգի, որոնք ներկայացուցին իրենց գործարարական ծրագիրները։ Նշեալ ծրագիրներուներկայացումները պիտի փոխանցուին Գանատայի Հայոց Թեմ որպէսզի ընտրուի հիմնարար լաւագոյն ծրագիրը եւ այդ հիման վրայկատարուի նիւթական ներդրում՝ համագործակցութեամբ գանատահայ գործարարներու հետ։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

590431916_18231269665306349_6626227461773165551_n

Image 1 of 20