7 Փետրուար 2024-ին, հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, տեղի ունեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի առաջին պահը՝ Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։

 

Սոյն ծրագիրը նախատեսուած է երիտասարդութեան համար, որոնք կը հետաքրքրուին Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեամբ։ Դասընթացքը կը միաձուլէ սուրբ գրային եւ տեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները եւ  նպատակն է՝ Սուրբ Գրային եւ աստուածաբանական ուսուցումները առընչել մեր առօրեային։

 

Ուսումնագիտական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ իր ակնկալածէն աւելի մասնակիցներ արձանագրուեցան սոյն դասընթացքին, որոնք երկու կիսամեակներու վրայ (Փետրուար-Մայիս եւ Սեպտեմբերէն Նոյեմբեր) պիտի ծանօթանան Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի սոյն դասընթացքներուն կը մասնակցին 40 ուսանողներ,  իսկ դասախօսն է՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։

 

Սոյն դասընթացքը մաս կը կազմէ Ազգային Առաջնորդարանի հիմնական ծրագիրներուն, որ պիտի ունենայ շարունակական ընթացք եւ իւրաքանչիւր նոր կիսամեակի պիտի ընդունի նոր դիմողներ։ Յաջորդ կիսամեակին մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել Ազգային Առաջնորդարան։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ