Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ուշագրաւ եւ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող տօն մըն է Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը, որ ամէն տարի կը նշուի Վարդանանց տօնը կանխող Երեքշաբթին։ Հաւաքական այս անունը՝ Ղեւոնդեանք, խորհրդանիշ է բազմաթիւ արժանաւորներու, որոնք իրենց կեանքը զոհած են յանուն քրիստոնէութեան եւ ազգութեան։ Անոնք անձնուրաց կրօնաւորներ են, որոնք ո՛չ միայն եղած են հակաբռնութեանց քարոզիչներ, այլեւ հաւատքի առաջապահ մարտիկներ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համար, անոնք կը նկատուին անխորտակ հաւատքի եւ ամբողջական նուիրումի պատմակրօնական տիպարներ։
Այս իմաստով, Կիրակի 16 Փետրուար 2020-ին, բարձր տնօրինումով Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ընթերցուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հոր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը՝ ուղղուած Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Պատարագին եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշան շնորհեց Հ.Մ.Ը.Մ. ի այն սկաուտներուն, որոնք մասնակցած էին Ազգային Առաջնորդարանիս դասընթացքներուն:
Իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն կը նշէր.-
«Ղեւոնդեանք Աւարայրի դաշտին վրայ աղօթքի սուրով զինուած, քալեցին եւ Տղմուտի ճախճախուտ եւ մութ այգիներն ու դաշտերը վառեցին, բռնկեցին։ Շաւարշանը անոնց քաջ արիւնով ոռոգուեցաւ։
Անոնք հաւատամարտ մղեցին այն հաւատքին համար, որ Բեթղեհմի մէջ ծնունդ առաւ եւ դարձաւ սէր, խաղաղութիւն, եւ մանաւանդ՝ ազատութեան հաւատք։
Այո՛, Ղեւոնդեանք քրիստոնէական հաւատքը, հայու ինքնուրոյն դիմագիծը պահպանող, հայրենիքի ազատութիւնը սիրող ժողովուրդի մը զաւակները, նայեցան մահուան բոյրին, անոր խորքը տեսնելով անմահութիւնը, յարութիւնը, յաւերժութիւնն ու յաղթանակը»։
Իր խօսքը ուղղելով Թեմիս մէջ հաւատարմօրէն ծառայող հոգեւորականաց դասու անդամներուն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը կ’ընդգծէր, որ այս տօնը առիթն է, որ մենք Վանանդեցի Ղեւոնդ քահանայի եւ Ղեւոնդներու կեանքի օրինակին ընդմեջէն դիտենք մենք զմեզ։ «Ի՞նչ առաքելութիւն ունինք եւ ո՞վ ենք մենք։ Ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ ծառաներն ենք։ Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակող, ձեռնադրուած, ուխտ կատարած եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձեր։ Մենք հաշուետու ենք Աստուծոյ ամէն բանէ առաջ։ Կոչուած ենք Աստուծոյ ամենատես աչքին դիմաց խօսելու եւ գործելու յանուն Աստուծոյ։ Ծառայական մեր դաշտին մէջ ըլլալու արթուն պահակներ, բարի ու քաջ հովիւներ», կը շեշտէր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորելով՝ «Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր ուխտը արթուն պահելու իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալ, հոգեւոր զգաստութեամբ մօտենալու Աստուծոյ, զգալու Աստուծոյ
ներկայութիւնը իր ամենօրեայ կեանքին մէջ։ Արթուն պահելու իւրաքանչիւր հայու, մնալու հայութեան հետ եւ ըլլալու հայութեան համար։