Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։
Կիրակի, 4 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան։
Յընթացս Ս. Պատարագի, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը պարգեւատրուեցաւ 26 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներու: Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց անոնց, յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: