Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի, երկօրեայ այցելութիւն շնորհեցՈւինիփէկի հայ համայնքին։

 

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց եւ Ուինիփէկի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնինառիթով, Կիրակի, 15 Փետրուար 2026-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագմատուցեց տեղւոյն «St. Bernadette» Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղեց ներկայհաւատացեալներուն։ Ան անդրադարձաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց, Տեառնընդառաջի եւ ԲունԲարեկենդանի տօներուն եւ անոնցմէ բղխող պատգամներուն։

 

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս յատուկ կերպով գնահատեց հոգաբարձութեան ատենապետ ԲարեշնորհՍարօ Սարկաւագ Պօղոսեանին իր նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Դպրաց Դասիանդամներուն՝ Բարեշնորհ Սարմէն Սարկաւագ Պօղոսեանին, Տիկին Դալար Պօղոսեանին եւ ՏիկինԱրմինէ Գալստեանին, որոնք կատարեցին Սուրբ Պատարգի երգեցողութիւնը։

 

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջրօրհնէք կատարեց եւ օրհնեցհամայնքի ներկայ բոլոր երեխաները, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնհամօրէն ննջեցելոց եւ նահատակացն ազգիս հայոց։

 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները առիթ ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետզրուցելու եւ ստանալու անոր օրհնութիւնները։

 

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

IMG_7652

Image 1 of 18