Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանին եւ ԱզգայինՎարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանին, Oratoire St. Joseph-ի մէջ, մասնակցեցաւ ՄիջինԱրեւելքի խաղաղութեան համար կազմակերպուած միջ-եկեղեցական աղօթք-պատարագին։

 

Միջ-եկեղեցական աղօթքը կազմակերպուած էր Միջին-Արեւելքի Եկեղեցիներու Միութեան Խորհուրդինկողմէ։

 

Առաջնորդները հիւրընկալուեցան, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս՝ Տ. Քրիսթիան Լէփինի կողմէ։

 

Ներկայ էին՝ Գանատայի Պապական Նուիրակ՝ Տ. Իվան Արք. Ժուրքովիչը, Ղպտի Ուղղափառ ԵկեղեցւոյԱռաջնորդ՝ Տ. Պուլոս Եպիսկոպոսը, Մէլքիդ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Միլատ ԵպիսկոպոսԺաուիշը, Մարոնիդ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Փոլ Մարուան Եպիսկոպոս Թապէթը, Ասորի ԿաթոլիկԵկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Փոլ Անթուան Նասիֆը։ Ինչպէս նաեւ՝ Հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ եւհաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։

 

Արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանները խօսքեր արտասանեցին, որոնց մէջ էր նաեւԳանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը։

 

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Որպէս Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, մենք կըհասկնանք ու կը կարեկցինք Միջին-Արեւելքի ժողովուրդի ցաւին, որովհետեւ մենք ալ ազգովին անցածենք 1915 թուականի ցեղասպանութեան եւ 2023 թուականի ցեղազտման արհաւիրքներէն»։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

no images were found