Շաբաթ, 17 Յունիս եւ Կիրակի, 18 Յունիս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց գտնուեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» Երկրորդական եւ «Սարաֆեան» Նախակրթարանի ամավերջի հանդէսներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ Դպրոցի կարեւորութեան մասին, շեշտելով, որ. «Հայ դպրոցին դերը մեր համայնքներուն մէջ կը մնայ անփոխարինելի։ Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը հայութեամբ կը շնչէ եւ մեր ազգի հոգեմտաւոր արժէքներով կը թրծուի, կ՚աճի ու կը հարստանայ։ Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը ազգային գիտակցութեան ոգիով զինուած հաւատարիմ կը մնայ մեր հայրերու պատգամին եւ մեր նահատակներուն կտակին»։

Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր գնահատանքը յայտնեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու հոգաբարձութեան անդամներուն, Ազգային Վարժարանի տնօրէն՝ Օրիորդ Լոռի Ապրաքեանին, ուսուցչական կազմին, բարերարներուն, աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն։

Հանդէսները իրենց աւարտին հասան Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։